Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ արժէք կամ իմաստ ունի Իրանի հետ բանավէճի մէջ մտնելու իրողութիւնը` նկատի ունենալով, որ շրջանին մէջ կը տիրէ զգայուն մթնոլորտ եւ քաղաքական լուրջ պայմաններ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նման բանավէճերու ծայր տալու փոխարէն պէտք է ճիգ չխնայել սահմանափակելու բաժանումի մթնոլորտը:
Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ Հըզպալլայի զէնքին թղթածրարը քննարկելու համար անհրաժեշտ է վերադառնալ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն, որոնց ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ մշակել լիբանանեան պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը:
Ժոմպլաթ հարց տուաւ նաեւ լիբանանեան բանակին խոստացուած զինուորական օժանդակութիւններուն մասին` աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ լիբանանեան բանակը ամրապնդելու կարելիութիւնները քննարկել, որպէսզի Լիբանանը պաշտպանուի իսրայէլեան հաւանական յարձակումներէն:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց ամէնօրեայ դրութեամբ Իսրայէլի կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտումը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ուշադիր հետեւիլ Կազայի իրադարձութիւններուն:


