Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. Խնդիրներուն Արդի Յղացքը Եւ Համաերիտասարդական Միջավայրը

July 4, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինի հրապարակած յայտարարութիւնը առիթ կու տայ քանի մը մտածումի, զորս լուսարձակի տակ պէտք է առնել:

Նախ անշուշտ, 100-ամեակի երիտասարդականը կը յիշեցնէ, որ ապրիլ 24-է ապրիլ 24 ոգեկոչական յանձնախումբի գործառոյթները չէ, որ կ՛իրականացնէ: Մինչեւ 100-ամեակ հետեւողական` երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ծրագիրներու առկայութիւնը կը նախանշէ, որ համագաղութային մակարդակով կուսակցութիւններուն, յարանուանութիւններուն եւ միութիւններուն երիտասարդ ներկայացուցիչները յաճախակի հանդիպումներով, ժողովներով հաստատակամ կ՛ընթանան դէպի 100-ամեակ: Այս նոր միջավայրի տակաւ ձեւաւորումն է, որ միջմիութենական յաճախակի հանդիպումներով յատկանշուած երիտասարդական առողջ մթնոլորտի եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի երաշխիքներուն նախադրեալները կը փոխանցէ:

Այս յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ մեր երիտասարդական-ուսանողական միութիւնները համատեղ հանդիպումով  նախ պիտի լսեն շահեկան զեկուցում մը Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերու ծալքերուն մասին եւ մանաւանդ անոնց ճշգրիտ, առարկայական լուսաբանումին անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն ազգային, այլ նաեւ օտար հանրային կարծիքին ուղղուած:

Թեման կը ներառուի 100-ամեակի երիտասարդականի աշխատանքներուն, պարզ այն պատճառով, որ համիտեան, երիտթուրքերու, քեմալական Թուրքիոյ կազմակերպած ցեղասպանական քաղաքականութեան կը կապուին նաեւ ազրպէյճանական եղեռնագործութիւնները, որոնք գործադրուեցան հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Մանաւանդ որ այս բոլորին ապալուսաբանումը` ղեկավարուած Անգարա-Պաքու միացեալ քարոզչամեքենային կողմէ, շահած է որոշ ենթահող: Այս բոլորը մշուշապատուած են Խոջալուով  եւ «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումով»:

Հայ յարանուանութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները միասնաբար պիտի քննարկեն այս կարեւոր խնդիրները: Քննարկումի թէ՛ ձեւաչափը եւ թէ՛ բովանդակութիւնը մեր երիտասարդութեան կը յուշէ նման համահայկական տարողութիւն պարփակող հիմնահարցերու պարագային միասին աշխատելու հրամայականը: Միայն Ցեղասպանութիւնը, արցախեան հիմնահարցը կամ ջաւախահայութեան իրավիճակը չեն, որ իբրեւ թեմա կրնան համախմբել մեր երիտասարդները: Խնդիրներու ժամանակակից յղացքը` թուրքեւազրպէյճանական յերիւրանքային արտադրութիւններուն դէմ պայքարիլը, թրքական գործօնի դրսեւորումներուն հետեւիլը պարզապէս օրինակներ են համաերիտասարդական քննարկումի եւ անոնցմէ բխած քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու ձեռնարկման տուն տուող թեմաներու:

Երեւոյթը ողջունելի է, ըստ ամենայնի: Հետեւողականութիւն եւ մնայուն նախաձեռնողականութիւն պէտք է մաղթել  100-ամեակի երիտասարդականին: Այս համախմբուածութեան օրինակը կը յաջողի մթնոլորտ, աշխատանքային նոր միջավայր եւ նպատակաուղղուած աշխատանք իրականացնել, եթէ շարունակ պահէ ազգային կարեւորագոյն հիմնահարցերուն նկատմամբ գիտակցական համախմբուածութեան ոգին եւ միասին աշխատելու երիտասարդական կամքը: Ատով իսկ` տիրական ներկայութիւն դառնալ գաղութին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները 10 Յուլիսին Պաքու, Ապա Երեւան Պիտի Այցելեն

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 5 Յուլիս 1962 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.