
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Քոնելլի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Աւելի ուշ, ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի Մանսուրի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ շրջանային ապահովական իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:


