Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Իսրայէլի փոխվարչապետ Շաուլ Մոֆազի միջեւ «անակնկալ» հանդիպում մը տեղի ունեցած է:
Ձայնասփիւռի կայանի կայքէջը կը նշէ, որ Մոֆազ երէկ Սպիտակ տուն հասած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհրդատու Թոմ Տոնիլընի հետ նախատեսուած հանդիպումի մը համար եւ «յանկարծ» նախագահ Օպամա մուտք գործած է ժողովի սենեակ:
Օպամա եւ Մոֆազ 35 վայրկեան տեւողութեամբ քննարկում կատարած են, որուն ընթացքին Մոֆազ Օպամային խօսած է «շրջանային կացութեան մասին»: Իսրայէլի փոխվարչապետը յայտնած է, որ ներկայիս Իսրայէլի իշխող ազգային միասնականութեան ընդլայնուած կառավարութիւնը իրականութեան մէջ պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու իւրայատուկ առիթ մը կը ներկայացնէ:
Ըստ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին, Մոֆազ Օպամայի հետ նաեւ քննարկած է Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ յառաջացած տագնապը եւ պահանջած Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները աւելցնել: Ան պահանջած է նաեւ, որ այդ մէկը տեղի ունենայ այլընտրանքի դիմելու կարելիութեան զուգահեռ:


