Մոսկուա կարեւոր կը նկատէ, որ «Թրամփի ուղի» նախագիծի իրագործման ընթացքին հաշուի առնուին Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«ԹՐԻՓՓ-ի նախագիծը պէտք չէ շրջանին մէջ բաժանարար նոր գիծեր ստեղծէ: Հակառակ պարագային փոխադրամիջոցային եւ գումակային այս նախաձեռնութիւնը պարզապէս դատապարտուած է ձախողութեան», ըսած է Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին գնահատումով` հայ-ամերիկեան նախաձեռնութեան շուրջ տակաւին աւելի շատ հարցումներ կան, քան պատասխաններ: Անոր համաձայն, մինչեւ օրս չեն հրապարակուած նախագիծի հիմնական ցուցանիշերը, շինարարութեան ծաւալներն ու ժամկէտները, ենթակառոյցներու օգտագործման պայմանները, ինչպէս նաեւ բեռնափոխադրումներու հեռանկարները:
Զախարովա նաեւ պնդած է, որ «Թրամփի ուղին» մեծապէս կը կրկնէ այն աշխատանքը, որ անցեալ տարիներուն իրականացուած է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու գլխաւորած եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ:
Անոր համաձայն, այն ժամանակ կը քննարկուէր ոչ միայն Հայաստանի հարաւով Ազրպէյճանի հիմնական տարածքի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան ապահովումը, այլ նաեւ հայկական երկաթուղային ենթակառոյցներու ամբողջական ապաշրջափակումը` դէպի Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսիա ելքերով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յիշեցուցած է, որ Երեւան 2023 թուականին սառեցուցած է եռակողմ աշխատանքային այդ խումբին իր մասնակցութիւնը:


