Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց. «Եթէ այս օրերուն Լիբանանի մէջ ոմանց նկատմամբ լուռ կեցած ենք կամ կը մնանք, ատիկա տկարութեան կամ վախի նշան չէ, այլ` Լիբանանի շահերէն մեկնելով մեր հեռատեսութեան, որովհետեւ իսրայէլացի թշնամին կ՛ուզէ ներսէն տապալել Լիբանանը` դիմադրութեան, հպարտութեան, գերիշխանութեան եւ ազատութեան երկիրը, եւ ջանասիրաբար կ՛աշխատի ատոր համար: Կան նաեւ մարդիկ, որոնք անոր հետ կը մեղսակցին, կարգ մը վարձկան լրատուամիջոցներու կողքին, Դիմադրութեան ու լիբանանեան բանակին միջեւ բախում յառաջացնելու համար: Սակայն անոնք չարաչար կը սխալին եւ պիտի չկարենան մեզ կամ բանակը ներքաշել այնպիսի մարտի մէջ, որ իսրայէլացի թշնամին կը ցանկայ, իր սեփական նպատակներուն իրագործման համար»:
«Իշխանութեան մէջ գտնուողներէն ոմանք կամ որոշ լրատուամիջոցներ կը փորձեն մեզի յուսահատութեան, անյուսութեան եւ հիասթափութեան մատնել, սակայն անոնք չարաչար կը սխալին: Մենք այս թակարդը պիտի չիյնանք, եւ անոնք պիտի չկարողանան խաթարել մեր անսասանութիւնն ու իրավիճակի նկատմամբ մեր վերահսկողութիւնը», յայտնեց երեսփոխանը:


