Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի երկաթուղիին ռուսական կառավարումը պիտի ազդէ «Թրամփի ուղի» նախագիծին վրայ: Հանրային ռատիոյին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նման յայտարարութիւն կատարեց խաղաղութեան առաքելութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնացի աւագ խորհրդականը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի մէջ տակաւին չեն կրնար ըսել` այդ ազդեցութիւնը դրակա՞ն պիտի ըլլայ, թէ՞ ժխտական:

«… (Ռուսական կառավարումը) պիտի ազդէ, որովհետեւ ամէն բան կ՛ազդէ ամէն բանի վրայ: Ասիկա բաւական փոքր երկիր է, եւ երթեւեկութեան ուղիները այնքան ալ շատ չեն, բայց ես վստահ չեմ` այդ ազդեցութիւնը դրակա՞ն պիտի ըլլայ, թէ՞ ժխտական: Ռուսական կառավարումը առկայ ազդակ մըն է, բայց մեզմէ կախեալ չէ, Հայաստան ինքնիշխան երկիր է: Ռուսիա ունի իր առեւտրական շահերը, մենք կ՛իրականացնենք «Թրամփի ուղի»-ն` յենելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան վրայ, մենք պիտի իրագործենք մեր նախագիծը, որ աներեւակայելիօրէն յաջող պիտի ըլլայ: Կան տարբերակներ, երբ այդ ռուսական ազդակը կրնայ լրացնել եւ աւելի յաջող դարձնել մեր նախագիծը, եւ կան տարբերակներ, երբ մեր նախագիծը գոյութիւն պիտի ունենայ ինքնուրոյն` առանց որեւէ ձեւով ազդելու մեր աշխատանքին վրայ», նշեց Արյէ Լայթսթոուն:

Պաշտօնական Մոսկուան բազմիցս պնդած է, որ «Թրամփի ուղի»-ն կրնայ արդիւնաւէտօրէն իրականանալ միայն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, եւ որ այս հարցին մէջ Մոսկուայի կարծիքը պէտք է նկատի առնուի: Երեւանն ու Մոսկուան այժմ կը բանակցին հայկական երկաթուղիին մրցունակութիւնը բարձրացնելու շուրջ:

Քանի Մը Հարիւր Միլիոն Տոլարի Ներդրում` «Թրամփի Ուղի»-ին Մէջ

Շաբաթասկիզբին Երեւան այցելած ամերիկացի պաշտօնատարը, որ կը նկատուի «Թրամփի ուղի»-ի ճարտարապետներէն մէկը, Սիւնիքէն անցնող ենթակառուցուածքային նախագիծը կը դիտարկէ աւելի մեծ` Կեդրոնական Ասիան Եւրոպային կապող Միջին միջանցքի տեսանկիւնէն` իբրեւ այլընտրանք ներկայիս գործող համաշխարհային առեւտուրի երթուղիներուն: Ըստ անոր, «Թրամփի ուղի»-ին մէջ ներդրումները կրնան հասնիլ քանի մը հարիւր միլիոն տոլարի, սակայն ցարդ յստակ թիւ չկայ:

«Սիւնիքի մէջ բուն 42,5 քիլոմեթրնոց հատուածը պիտի չափուի հարիւրաւոր միլիոններով, բայց խողովակաշարերու եւ այս նոր` Միջին միջանցքով տեղափոխուող ապրանքներու գաղափարը պիտի չափուի տասնեակ միլիառներով, երկիրներուն ստանալիք եկամուտը պիտի ըլլայ անկէ անհամեմատ աւելի մեծ»:

Երկուշաբթի օր Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները ազդարարեցին Սիւնիքի մէջ «Թրամփի ուղի»-ի հիմնարկէքին մասին: Յայտարարութեան զուգահեռ տեղւոյն վրայ հողի հարթեցման աշխատանքներ կ՛ընթանային, բայց բուն շինարարութեան մեկնարկին մասին չէ յայտարարուած, նախագիծին արհեստագիտական-տնտեսական հիմնաւորումը տակաւին պատրաստ չէ: Պաշտօնական Երեւան կը յայտարարէ, թէ շինարարութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ տարի:

Վստահեցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագիծին կ՛աջակցին թէ՛ հանրապետականները, եւ թէ՛ վերջին միջանկեալ ընտրութիւններուն Քոնկրեսին մէջ մեծամասնութիւն ստացած դեմոկրատականները, Լայթսթոուն կը պնդէ, որ «Թրամփի ուղի»-ն շատ աւելին է, քան «կրնանք պատկերացնել»:

«Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի ղեկավարներու խիզախ առաջնորդութեան շնորհիւ ունինք բոլորովին նոր միջանցք մը, եւ ինչ որ հիմա կ՛ընենք, կը բխի պարզ իրողութենէ մը, որ բացայայտուեցաւ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին: Երբ դուն ունիս ընդամէնը մէկ խոցելի կէտ, անիկա վաղ թէ ուշ կը խափանուի, մենք ատիկա կը տեսնենք Հորմուզի նեղուցին մէջ, շարք մը այլ նեղուցներու մէջ: Մենք կը փափաքինք ունենալ մարդոց, ապրանքներու, ուժանիւթի, տուեալներու տեղափոխութեան կարելի եղածին չափ շատ ու բազմազան տարբերակներ: «Թրամփի ուղի»-ն պիտի սկսի երկաթուղիէն ու ինքնաշարժի ճամբայէն, բայց պիտի ընդլայնի` ներառելով կազամուղներ, նաւթամուղներ, ելեկտրահաղորդակցութեան գիծեր եւ թուային մալուխներ, որպէսզի ամբողջ Միջին միջանցքը դառնայ կենսունակ եւ թերեւս նոյնիսկ գերազանցող մեքենականութիւն` բեռներու ու պաշարներու տեղափոխման համար», հաստատեց Լայթսթոուն:

Խողովակաշարը Կրնայ Հայաստանի Այլ Հատուածէ Անցնիլ

Լայթսթոուն նշեց, որ նախնական պայմանաւորուածութեամբ ոչ միայն երկաթուղին ու ինքնաշարժի ճամբան պէտք է Սիւնիքէն անցնէին, այլ նաեւ խողովակաշարերը. «Բայց ձեր վարչապետը դիմեց մեզի եւ ըսաւ, որ այդ վայրէն պէտք չէ անցնի խողովակաշարը, ատիկա ամէնէն տրամաբանական երթուղին չէ, առեւտրական առումով աւելի քիչ շահաւէտ պիտի ըլլայ, եւ հարց տուաւ, եթէ կրնանք դիտարկել «Թրամփի ուղի»-ի գաղափարը Հայաստանի այլ հատուածներու մէջ ընդլայնելու կարելիութիւնը»: Եւ ես պատասխանեցի. «Դուք մեր գործընկերն էք, մենք պիտի դիտարկենք որեւէ քայլ, որ լաւագոյնս պիտի յարմարի ու ծառայէ հոս գործող առեւտուրին համար եւ թոյլ պիտի տայ շրջանի երկիրներուն աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնիլ»: Մեզի համար շատ դիւրին էր համաձայնութեան գալ ընդլայնման հարցին մէջ»:

Ինչ կը վերաբերի «Թրամփի ուղի»-ի զարգացման ընկերութեան, որուն մէջ Հայաստանը պիտի ունենայ 26, իսկ Միացեալ Նահանգները` 74 տոկոս բաժնեմաս, ապա, ամերիկացի պաշտօնատարին համաձայն, անոր շուրջ բանակցութիւնները արդէն աւարտած են, այժմ պէտք է վաւերացուի ընկերութեան կանոնադրութիւնը: Լայթսթոուն փաստաթուղթին ստորագրութեան ժամկէտ չնշեց, միայն ըսաւ, որ ատիկա կախեալ է իրաւաբաններու աշխատանքէն եւ այն հանգամանքէն, թէ կողմերը ե՛րբ համաձայնութեան պիտի գան ստորագրութեան արարողութեան ժամկէտին շուրջ:

Նախորդը

Տանոն. «ՖԻՆԻՒԼ»-ի Ուժերուն Հեռացումէն Ետք Լիբանանի Մէջ Ֆրանսական Ուժերու Ներկայութեան Դէմ Ենք»

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։