Միջազգային ու շրջանային շուրջ 5 տասնեակ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններ, ներառեալ Չարչարանքի դէմ համաշխարհային կազմակերպութիւնը, «Ֆրիտըմ Նաու»-ը, «Վիասնա»-ն եւ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց կեդրոնը հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութեամբ, ուր դէմ արտայայտուեցան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի պաշտօնին համար Ազրպէյճանի հաւանական թեկնածութեան:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«Մենք` ներքոստորագրեալ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններս, գրում ենք` արտայայտելու մեր վճռական անհամաձայնութիւնը ԵԱՀԿ գործող նախագահի պաշտօնում Ազրպէյճանի հնարաւոր թեկնածութեան վերաբերեալ, եւ կոչ ենք անում մասնակից պետութիւններին արգելափակել նման ցանկացած որոշում:
«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յուսալի գործընկեր չէ անվտանգութեան, բնապահպանութեան կամ մարդու իրաւունքների ոլորտներում եւ համապատասխան չէ կազմակերպութիւնը նախագահելու համար:
«Կազմակերպութիւնը բռնատիրական կառավարութեան ձեռքը յանձնելը լրջօրէն կասկածի տակ կը դնի մի կառոյցի օրինականութիւնն ու վստահելիութիւնը, որի առաքելութիւնն է խթանել անվտանգութեան համապարփակ մօտեցումը, որի հիմնասիւներից մէկը մարդու իրաւունքներն են: Ազրպէյճանական իրաւապաշտպան խմբերի փաստագրմամբ` անազատութեան մէջ է գտնւում աւելի քան 300 քաղաքական բանտարկեալ, իսկ տասնեակ քաղաքացիական գործիչներ ազատազրկուել են իրենց օրինական իրաւապաշտպան եւ լրագրողական գործունէութեան, այդ թւում` արտերկրում ծաւալած աշխատանքի դիմաց վրէժխնդրութեան նպատակով:
«Այս համաթեքսթում մենք յորդորում ենք մասնակից պետութիւններին մերժել ԵԱՀԿ գործող նախագահի պաշտօնում Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից առաջադրուած ցանկացած թեկնածութիւն»:


