Դաշնակցութիւնը այն մեծութիւնն է, որուն մէջ կը փոքրանան բոլոր մեծութիւնները, Դաշնակցութեան մէջ մեծ կրնան ըլլալ միայն անոնք, որոնք կը փոքրանան Դաշնակցութեան առջեւ:
1930-ական թուականներուն Կարօ Սասունիի արտայայտած վերոնշեալ միտքը իր մէջ կը ներփակէ Դաշնակցութեան մէջ իբրեւ գործօն անդամ գոյատեւելու բարոյական արուեստը:
Դաշնակցութիւնը սոսկական կուսակցութիւն մը չէ: Ան անիրաւուած ժողովուրդի մը զաւակներուն պոռթկումէն ծնած գաղափարական շարժում մըն է: Ան 136 տարի շարունակ իր շուրջ համախմբած է հայեցի ապրումի եւ ապրելակերպի կերպարի տէր, ինչպէս նաեւ յեղափոխական մտածելակերպի, մարտունակ եւ գործուն հայ մարդու տեսակը: 136 տարիներու ընթացքին յարատեւ կռիւի ճամբով ընթացած այս կուսակցութեան շարունակաբար եկած են միանալու տարբեր ժամանակներու եւ սերունդներու պատկանող, զանազան միջավայրերէ եկած բազմաթիւ դաշնակցականներ:
Անոնցմէ շատեր չեն կրցած մինչեւ վերջ կառչած մնալ իրենց երդումին: Ոմանք հեռացած են Դաշնակցութենէն, ուրիշներ` թշնամացած: Կան նաեւ անոնք, որոնք, մնալով հանդերձ կուսակցութեան շարքերուն մէջ իբրեւ թիւ, ո՛չ գործունեայ, ո՛չ ալ տագնապող եղած են, այլ անտարբեր անդամներու վերածուած են:
Սակայն բոլոր ժամանակներուն տեւաբար գտնուած են իրենց երդումին գիտակից, հաւատարիմ ու հաւատաւոր դաշնակցականներ, որոնք, զինուած Դաշնակցութեան էութեամբ, պատմութեամբ եւ գաղափարախօսութեամբ, ոչինչ խնայած են անոր ճամբով ծառայելու հայրենիքին ու հայութեան, կամովին պատրաստ` գործադրելու ժողովներու եւ մարմիններու որոշումները, իսկ երբեմն ալ այդ ճամբուն վրայ իրենց սեփական կեանքը նուիրաբերած ու նահատակուած:
Յաղթած թէ պարտեալ, անոնք գործին ու գաղափարին շարունակութիւնը երաշխաւորած եւ պատմութիւն կերտած գաղափարի վեհ մարտիկներ եղած են:
Չկայ դաշնակցական մարդու որոշակի կերպար մը, այլ կայ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան հաւատարիմ եւ որոշումներուն հնազանդ անդամ:
Նոյնինքն Կարօ Սասունի Դաշնակցութիւնը նկարագրած է իբրեւ` «Զարհուրելի, բայց հմայիչ»:
«Զարհուրելի է» Դաշնակցութեան ակնկալիքը դաշնակցականէն, մինչեւ իսկ ամէնէն անսակարկ նուիրեալէն եւ բարձրագոյն պարտականութիւն ստանձնած պատասխանատուէն: Ի վերջոյ, բոլորս ալ մարդ ենք, մեր պատկանելիութեան հաւատարիմ եւ արժանապատուութիւն ունեցող հայ մարդ: Ինչպէս նաեւ ունինք մեր սեփական եսը եւ տեսակէտը:
Սակայն Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարախօսութեան եւ զոհաբերութեան անչափելի հմայքին դիմաց սեփական եսը ցոյց տալը փոքրանալ չէ՞: Սեփական եսը երդումէն գերադասելը մեծութի՞ւն է: Պահու կամ ժամանակաշրջանի մը համար ամբողջ պատմութիւն մը աղաւաղելը ճիշդ մտածողութի՞ւն է:
Փա՛ռք ու պատիւ անցեալի եւ ներկայի բոլոր դաշնակցականներուն, որոնք մինչեւ իրենց վերջին շունչը շարունակեցին Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ճամբով ծառայել հայրենիքին ու հայութեան:


