ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ազգային հպարտութեամբ եւ յեղափոխական ոգիով կը նշէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 136-ամեակը:
1890 թուականէն ի վեր Դաշնակցութիւնը եղած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի, ազգային արժանապատուութեան եւ ընկերային արդարութեան անխոնջ դրօշակիրը: Անոր պատմութիւնը կերտուած է` գաղափարական հաստատակամութեամբ, անձնուրաց նուիրումով եւ ժողովուրդին ծառայելու անսակարկ կամքով: Սերունդներու պայքարն ու զոհողութիւնները այսօր մեզ կը պարտաւորեցնեն շարունակել այն ուղին, որուն հիմքը ազգային ինքնագիտակցութիւնն ու ազատութեան ձգտումն են:
ՀՅԴ 136-ամեակը միայն անցեալի յիշատակման առիթ մը չէ, այլ նաեւ` ապագայի հանդէպ մեր պատասխանատուութեան վերահաստատումը: Այսօր, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ազգային եւ հայրենական բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, Դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը կը մնայ ուղեցոյց` մեր պայքարին, մեր աշխատանքին եւ մեր հաւաքական նպատակներուն համար:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը դաշնակցական գաղափարներուն` ազգային միասնականութեան, ընկերային արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ յեղափոխական պայքարին: Այս չորս հիմնարար սկզբունքները կը կազմեն մեր աշխարհայեացքի եւ պայքարի առանցքը` առաջնորդելով մեզ դէպի ազատ, արդար եւ ինքնիշխան հայրենիքի կերտումը: Մեր պարտքն է գիտակցութեամբ, վճռակամութեամբ եւ կազմակերպուած աշխատանքով պահպանել, զարգացնել ու փոխանցել այս գաղափարական ժառանգութիւնը յառաջիկայ սերունդներուն` շարունակելով մեր ժողովուրդի ազգային եւ ընկերային ազատագրութեան ուղին:
Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը:


