Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 26, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ականաւոր ու հիմնական աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Կառավարութիւնը «լքուած է», եւ կարգ մը արաբական պետութիւններ անոր պէտք եղածին պէս ո՛չ նիւթական, ո՛չ ալ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերեցին, ինչ որ սպասելի էր, մինչ անկէ պահանջուածը գործադրելը անոր կարողութենէն աւելի մեծ է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան իրավիճակին նկատմամբ ամերիկեան մօտեցումը աւելի յստակ կը թուի իր նպատակներուն մէջ, որոնք կը ներառեն պետութեան ու բանակի իշխանութեան ամրապնդման ջանքերը, սահմաններուն վրայ անվտանգութեան իրավիճակի վերակազմակերպումը եւ միջազգային օգնութեան ու աջակցութեան կապը այս ուղղութիւններու իրականացման գործին մէջ արձանագրուած յառաջընթացի հետ»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աունի Անկախութեան տօնին արտասանած ճառը խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի Պաապտայի պալատն ու Հարեթ Հրէյքը համախմբելու բոլոր փորձերը վերադարձուց զերօ կէտին, եւ Իրանն ու Իսրայէլը նոյն նժարին վրայ դնելը փակեց այն դուռը, որ խորհրդարանի նախագահը կը փորձէր երկու կողմերուն միջեւ բանալ»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Դիմադրութեան առանցքէն գործիչներ կ՛ըսեն, թէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը խափանեց Իրանի հետ մերձեցման ջանքերը, որոնց վրայ որոշ ատենէ մը ի վեր կ՛աշխատէր ապահովական պատասխանատու մը, ինչ որ Հըզպալլայի հետ յարաբերութեան մէջ մագլցումի եւ բարդացումի յանգեցուց»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն, որ կուսակցութիւնը փողոցին դիմէ` ճնշում բանեցնելու համար կառավարութեան ու արդարադատութեան վրայ, որպէսզի ազատ արձակեն Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու եւ Ժրուտ Պշարրէ-Թաննուրինի դէպքի թղթածրարներով կալանաւորուածները ազատ արձակելու համար, որովհետեւ կուսակցութեան քաղաքական ջանքերը անելի մատնուած են` կալանաւորուածները ազատ չարձակելու դիրքորոշման կարծրացման լոյսին տակ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Երդման ճառին վերադառնալը, առանց անոր ժամանակացոյցին վերադառնալուն բաւարար չէ: Իշխանութեան անցնող օրերուն ստացած աջակցութիւնը կրնայ նոյն արագութեամբ նուազիլ, եթէ Անկախութեան տօնի հռետորաբանութիւնը պետութեան գործունէութենէն բարձր մնայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն այլեւս Հըզպալլայի նկատմամբ գործնական քայլեր կը սպասէ, այլապէս մագլցողական քայլերու որդեգրման պիտի դիմէ, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ ապահովական ու զինուորական օրինական հաստատութիւններու աջակցող կողմերու առաջին գիծին վրայ է»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» նկատած է, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Անկախութեան տօնին առիթով արտասանած ճառը տակաւին մեկնաբանութիւններու կ՛արժանանայ. Իրանի ուղղակի կերպով նշուիլը ծափողջոյններով դիմաւորողներուն կողքին կան ոմանք, որոնք ըսին, թէ խօսքին մէջ պէտք էր լիբանանեան հարցերուն մէջ ամերիկեան եւ սէուտական միջամտութիւնն ալ նշուէր, եւ ոչ միայն իրանեան միջամտութիւնը:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին հետեւող աղբիւրները կը հաստատեն, որ Լիբանանը հովանաւորող երկիրներու համար Լիբանանի իրավիճակը պայթումի եզրին է, որովհետեւ այդ երկիրները կառավարութեան կողմէ խոստումներու կատարման դանդաղում կը նկատեն, իսկ որոշակի ուժեր տակաւին վերահսկողութիւն կը պահեն պետական հիմնական հաստատութիւններու վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պշարրէի բջիջ»-ի թղթածրարին մէջ որեւէ նահանջ կամ ձգձգում Լիբանանի մէջ քաղաքական ու ապահովական իշխանութիւններուն արեւմտեան մեծ ազդեցութեան տէր պետութեան մը հետ յարաբերութիւններու վատթարացման պիտի յանգեցնէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի Հիւսիսային Լիբանանի այս շրջանին մէջ շարժումները ապահովական իւրայատուկ զգայնութիւն մը ունին, ոչ միայն Ժահժահի շրջանը ըլլալուն համար, այլ նաեւ` Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով աւագ խորհրդատու Մասաատ Պուլոսի հետ կապ ունենալուն համար»:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, «նկատուած է, որ Հըզպալլան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Անկախութեան տօնին արտասանած ճառին հակադարձութեան մէջ կը կեդրոնանայ այն գաղափարին վրայ, թէ իշխանութիւնը զէնքի մենաշնորհումէն անդին երթալով կ՛ուզէ Դիմադրութիւնն ու անոր համակիր զանգուածը արմատախիլ ընել»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ դիտորդ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Գերիշխանական ճակատ»-ի ժողովի յետաձգման պատճառը քաղաքական դիրքորոշումը համակարգելն է եւ հետագայ խորհրդակցութիւններ կատարելը` ապահովական վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ դիրքորոշումները միաւորելու եւ ձեւաւորելու համար ընդհանուր դիրքորոշում մը, որ ոչ միայն իրադարձութիւնները կը դատապարտէ, այլ նաեւ պետութենէն պահանջուող քայլերը կ՛ուրուագծէ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն կը սերտէ արտասահմանէն լիբանանցիներու եւ պաղեստինցիներու կողմէ առեւտուրի, շինանիւթերու ոլորտին մէջ աշխատողներու եւ կապալառուներու գումարներու փոխանցումի յաւելեալ ստուգման ենթարկումը` խստացնելու համար հսկողութիւնը գումարներու փոխանցումներուն, որոնց շուրջ կասկածներ կան դրամի լուացման կամ Հըզպալլայի կամ Համասի ֆինանսաւորման համար օգտագործման առնչութեամբ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Դիւանագիտական աղբիւրներ հեգնեցին շրջանառուող լուրը, թէ ամերիկեան վարչակազմին հետ լիբանանեան հաղորդակցութիւններ նպաստած են պատժամիջոցներու ալիքի նահանջին, որովհետեւ Ուաշինկթըն ունի արժեչափեր, որոնք որեւէ հաղորդակցութենէ չեն ազդուիր»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Մեհրապի եւ վարչապետարանին միջեւ յարաբերութիւնը գաղջ է` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կառավարութեան ու անոր ղեկավարի աշխատանքին վերաբերեալ կատարած նկատողութիւններուն, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ղեկավարի բազմիցս կառավարութիւնը քննադատելուն հետեւանքով»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «համաձայնութիւն գոյացած է Արեւմտեան Պեքայի ընտրաշրջանին մէջ թափուր մնացած աթոռին համար մասնակի ընտրութիւնը յառաջիկայ տարուան մէջ կարելի ամէնէն արագ ժամանակաշրջանին կատարելու շուրջ: Այդ ընտրութեան կայացման համար շարք մը թուականներ առաջարկուած են»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ». «Իրավիճակին հետեւող աղբիւրները նշեցին, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան գործավար Իատ Հազզան յետաձգած է Պահիա Հարիրիի հետ Պէյթ Ուասաթի մէջ նախատեսուած հանդիպումը` հանդիպումի ժամուան հրապարակումէն ընդամէնը մէկ ժամ ետք, ինչ որ վերյիշեցուցած է, որ Սուրիոյ նոր ղեկավարութիւնը կը խուսափի Հարիրիի ընտանիքին հետ որեւէ հաղորդակցութենէ:

«Նաեւ ուշագրաւ էր, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին վերջերս Պէյրութ կատարած իր այցելութեան ժամանակ խուսափած է նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարան այցելելէ կամ Պահիա Հարիրիի հետ հանդիպումէն: Ինչ որ տեղի ունեցած է լոյսին տակ այն տեղեկութիւններուն, թէ Սաատ Հարիրին մերժած են Շարհի հետ հանդիպումի ժամադրութիւն տալ, հակառակ անոր խնդրանքին»:

. ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Կը դատապարտենք ամերիկեան կործանարար միջամտութիւնները Լիբանանի ներքին գործերուն եւ կը զգուշացնենք, որ Ուաշինկթընի Լիբանանի մէջ մեքանիզմներ ստեղծելու քայլերը ազգային միաձայնութիւն չեն վայելեր»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, 2026 թուականի սկիզբէն ի վեր Լիբանանի ճամբաներուն վրայ երթեւեկի արկածներու հետեւանքով 400 զոհ արձանագրուած է»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ». «Խորհրդարանի երկուշաբթի, 30 նոյեմբերի նիստի օրակարգը կը բաղկանայ 11 կէտերէ, որոնց շարքին են վարձքերու վերաբերեալ օրինագիծն ու վարձքերու օրէնքի բարեփոխման օրինագիծը»:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան – Ճափոն

Յաջորդը

Միւֆթի Տրիան. «Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Յարձակումը Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Սուրիոյ Վրայ Յարձակումին Նման Է»

RelatedPosts

Միւֆթի Տրիան. «Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Յարձակումը Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Սուրիոյ Վրայ Յարձակումին Նման Է»
Լիբանանեան

Միւֆթի Տրիան. «Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Յարձակումը Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Սուրիոյ Վրայ Յարձակումին Նման Է»

November 26, 2026
Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։