Միջինարեւելեան մակարդակով պատերազմական ծաւալային գործողութիւններու վերաբռնկումին մասին լուրեր կը շրջին: Համաշխարհային լրատուամիջոցներ կը խօսին արագ մագլցումի մասին:
Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան լուծման համար միջնորդաւորուած բանակցութիւնները վարող Քաթարի վարչապետը կը հաստատէր, որ Միջին Արեւելքը պատերազմական նոր մագլցումի չի տոկար: Բացի զսպուածութեան կոչէ, նման յայտարարութիւն մը կը խօսի իրավիճակին պատճառով ամբողջ տարածաշրջանին կրած ծանրագոյն հետեւանքներուն մասին: «Չտոկալը» այստեղ առաւելաբար տնտեսական իրավիճակին մասին է` կապուած ուժանիւթի եւ յատկապէս վառելանիւթի արտահանումներու սահմանափակումներու պատճառով ստեղծուած համաշխարհային սղաճին:
Պաշտօնական Թեհրանը բաց պահելով դիւանագիտական ուղին` այդուհանդերձ կը յայտարարէ, որ իր կողմէ փոխանցուած եօթը նախապայմաններէն հրաժարելու տրամադրութիւն չունի եւ անոնցմէ որեւէ զիջում կատարելու պատրաստ չէ:
Փակուղի-բաց պատուհան այս երկուութեան մէջ է, որ նոր մագլցողականութեան տեսութիւնը լուսարձակներու տակ կու գայ` յաւելեալ անորոշութեան մատնելով տարածաշրջանի կացութիւնը:
Թէեւ կարելի չէ հիմնուիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւններուն վրայ` իրադարձութիւններու ընթացքին մասին կանխատեսում կատարելու համար, այդուհանդերձ ան Իրանի դէմ յարձակումը կը յետաձգէր յառաջիկայ տարուան:
Յունուարի սկիզբը Քոնկրեսի նոր կազմը կը ստանձնէ իր լիազօրութիւնները, եւ որոշակի առումով ճնշումներ կը բանեցուին Թրամփի վրայ ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկելու` նախագահական լիազօրութիւններու նկատառումով հանդերձ:
Դէպի Լիբանան հայեացք կեդրոնացնելէ առաջ պարզապէս արձանագրենք, որ Մոսկուա-Քիեւ հակամարտութիւնը աշխարհագրական գօտիի անցում կը կատարէր լիպիական ջուրերուն վրայ ռուսական ռազմանաւին դէմ ուքրանական յարձակումներով, մինչ Միացեալ Նահանգներ դարձեալ կը պատրաստուին տնտեսական արտօնութիւնները Ռուսիոյ ուղղութեամբ սահմանափակելու:
Լիբանանի մէջ վիճակագրական տուեալներ կը հրապարակուին սղաճի նոր ոստումներուն մասին: Թէ՛ ընդհանրապէս տարածաշրջանի եւ թէ՛ տեղական ապահովական ու տնտեսական անորոշութիւնը սղաճի մագլցումի նոր մրցանիշներ կ՛արձանագրէ` առանց այդ բոլորին ալ արդէն խորացող տագնապի մէջ տուայտող լիբանանցի հասարակութեան համար: Ընդվզումի ձայները կը բազմանան. երէկ ցամաքային փոխադրամիջոցներու սենտիքան ցուցական քայլերու կը դիմէր ապրուստի նեղ պայմանները կառավարութեան ուշադրութեան յանձնելու եւ լուծումներ պահանջելու:
Եթէ մագլցում կայ, ապա անիկա գործնապէս եւ ամէնէն սուր կերպով սղաճին կը վերաբերի: Իր ճակատագիրին ձգուած քաղաքացին անպատասխան հարցումներ ունի, եւ լուծումները կ՛ուշանան: Չկայ գնային առումով վերահսկողական քաղաքականութիւն: Չկայ նաեւ հանրային փոխադրութեան համակարգ: Վառելիքի տագնապը անշուշտ ոչ միայն փոխադրամիջոցներուն կը վերաբերի, այլեւ ամբողջ տնտեսութեան: Ճիշդ է, որ տագնապը համաշխարհային է, բայց Լիբանանը բազմապատկուած ծանրութեամբ կը զգայ այդ բոլորը` կենսական նիւթերու հետզհետէ անհասանելիութեան իրավիճակ ստեղծելով երկրին մէջ:
Մագլցում խոստանալով` արտաքին ուժեր համբերութեան սպառումի եւ կառավարութենէն վճռական քայլերու ակնկալութիւն կը յայտարարեն:
Բուն մագլցումը սղաճի ուղղութեամբ է. համբերութիւնը Լիբանանի քաղաքացիին համար հատած է բոլոր սահմանները: Այս բոլորը կրնան ընկերային-հասարակական մակարդակի վրայ այլ մագլցումներ եւ ցնցումներ յառաջացնել: Փոխադրամիջոցներու սենտիքային հնչեցուցած ահազանգը դեռ առաջին ճիչն է, որ չունի լուծման ուղի ցոյց տուող արձագանգներ:
«Ա.»


