Երկրէ երկիր եւ գաղութէ գաղութ տօնուեցաւ այս տարի եօթանասմեակը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Տարիներ եկան, տարիներ անցան եւ անոնց գումարը ամբողջացաւ ահա այդ եօթանասնամեակով:
Ու հանդիսութիւնները յաջորդեցին իրարու իբրեւ տեսակ մը պատարագ, իր ամբողջական խորհուրդով: Իր բովանդակ պատկառանքով: Պատարագ` հայկական զոհասեղանին վրայ: Ոգեկոչում ու վերացում: Փառաբանանք եւ օրհնութիւն: Այլեւ սրբասուրբ հաղորդութիւն: Արիանաց արեան մէջ թաթխուած նշխարք, որ մաս առ մաս «բաշխի ի միջի մերում» եւ մեր հաւատքն ու ջերմեռանդութիւնը կը պողպատէ ամէն կարգի դեդեւումներու եւ յուսալքութեանց դէմ:
Ո՞վ չ՛ըմբռներ Դաշնակցութեան ոգիէն իսկ բխող եւ անոր շունչով թաթաւուն այս սքանչելի խորհուրդը, ան չի հասկնար նաեւ Դաշնակցութեան էութիւնը: Անոր յաւերժական մեծութիւնն ու ներկայի ձգտումները: Այլ մանաւանդ վաղուան լինելութիւնը` իբրեւ Հայոց մեսիա անոր վերստին գալուստը: Ու վերջապէս անոր վերապահուած յաղթանակը, տիրապետութի՛ւնը:
Դաշնակցութիւնը եղաւ ու կը մնայ դրսեւորումը կամ մարմնացումը հզօր ու սքանչելի գաղափարի մը, որ ի խնդիր սրբազան իրագործումներու փոթորկեց հոգին հայ ժողովուրդին, եւ որ ոչ սիպերիական տանջարանի սառնամանիքներուն մէջ սառեցաւ եւ ոչ ալ մեռաւ թրքական կախաղաններու կատարին: Հալածուեցաւ, բայց չսպաննուեցաւ, ճնշուեցաւ, բայց չզսպուեցաւ, որ տկարին ուժ տուաւ եւ բռնակալի գլխուն կեցաւ դամոկլեան սուրի նման:
Այդ գաղափարով ալ զրահուած, Դաշնակցութիւնը դարձաւ ներշնչման աղբիւրը բազմաթիւ սերունդներու: Յեղափոխութեան արնաներկ դրօշը պարզեց ան տանջուող հայաշխարհին վրայ եւ աներկիւղ արծիւի ճախրանքով հասաւ ամէն տեղ, ուր բզկտուելիք օձեր կային ծուարած ու փրկուելիք զոհեր` արիւն-արցունքի մէջ խեղդամահ: Եղաւ ան մեծ ու հրաշագործ
դաստիարակը, որ իր խօսքին մէջ ջերմութեամբն ու գործին ձգողական հմայքովը կրցաւ ինքզինքը պարտադրել պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ եւ ուխտեալներու անհամար հազարեակներ իջեցնել մարտադաշտ:
Խօսեցաւ այնքան, որքան որ պէտք էր պայքարի Աւետարանը հանրային սեփականութիւն դարձնելու համար: Իր խօսքը սեթեւեթ չունէր եւ մատչելի էր ամէնուն: Անպաճոյճ այդ խօսքը կը հմայէր գիւղի մշակն ու հանդիսասրահներու քաղաքաբնակ ունկնդիրը հաւասարապէս: Վասնզի բոլորը կը տեսնէին ու կը հաստատէին, որ խօսքը Դաշնակցութեան դրամագլուխին չնչին մէկ տոկոսն էր միայն: Եւ կ՛իմանային ու կը սորվէին, թէ ան խօսելէ առաջ գործել գիտէր եւ զոհաբերութեան ճանապարհին իր անձին իսկ օրինակով կը կիրարկէր իր քարոզած վարդապետութիւնն ու սկզբունքները:
Ահա այս կիրարկումով, ՀՅ դաշնակցութիւնը մեր իրականութեան մէջ կեանքի կոչեց նոր կրօնք մը, որ ունեցաւ իր հիմնադիրները, առաքեալները, սուրբերն ու մարտիրոսները,¬ փաղանգը այն բոլոր լուսեղէն դէմքերուն, որոնք խաւարին ու բռնութեանց դէմ մաքառեցան աննման խիզախութեամբ կամ ուղղութիւն տուին շղթայազերծուած ազատագրական պայքարին, բոլոր ճակատներու վրայ:
Քրիստոնէական կրօնքը ունեցաւ եւ ունի իր թշնամիները, որոնք չկրցան մարսել մեծ Վարդապետին Աւետարանը: Դաշնակցական կրօնքն ալ, իր կարգին անմարսելի մնաց իր թշնամիներուն, որոնք դուրսէն ու ներսէն հալածեցին զայն: Առին հայհոյութեանց տարափին տակ: Ռմբահարեցին
սպառնալիքներով ու նախատինքներով: Փորձեցին խեղդել: Ուզեցին ոչնչացնել: Առնուազն չէզոքացնել: «Անվնաս» դարձնել:
Ու մինչ պարտուեցան անոնք իրենց երկարամեայ ճիգերուն մէջ, դաշնակցական կրօնքը մնաց ամէնէն նուիրական սեփականութիւնը իր հաւատաւոր երկրպագուներուն, իր շարքերուն եւ համակիր բազմութիւններուն: Հայ ժողովուրդի բանիմաց մեծամասնութեան: Դարձաւ աւելի տարածուն ու պաշտելի: Խորարմատ ու հոգեպարար:
Այս է պատկերը ի սփիւռս աշխարհի: Տարիներէ ի վեր ու նաեւ այսօր:
Ու չմոռնանք:
Դաշնակցութիւնը չստեղծուեցաւ հայկական հատուածի մը սեփականութիւնը դառնալու առաքելութեամբ: Համահայկական ստեղծագործութիւն էր ան երէկ: Համահայկական գանձ ու հարստութիւն է ան այսօր: Դաշնակցութեան պատիւը, ամբողջական հայ ժողովուրդին պատիւը եղած է միշտ: Փառքը` անոր փառքը: Ու պարծանքը` անոր պարծանքը: Այս իրողութեամբ ալ այս հզօր կուսակցութիւնը սիրուեցաւ հայութեան առողջ զանգուածներէն: Եւ իր ծաւալուն արմատները ձգեց հայրենիքէն մինչեւ հայկական գաղթաշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւնները:
Այս պատմական ճաշմարտութեանց լոյսին տակն է, որ նաեւ հոս, գունդագունդ ուխտի պիտի երթան վաղը անգամ մըն ալ, Դաշակցական գաղափարի բոլոր ջերմեռանդ հաւատաւորները, անցեալի յոյզերը իրենց սրտերուն խորը եւ լաւ օրերու ակնկալութիւնը իրենց լուսաշող բիբերուն մէջ:
* * *
Ահա եւ ուխտը, նորէն ու նորէն, բոլորի շրթներուն, վերմղուած` ալեկոծ հոգիներու խորքէն, հեռաոր ու քա՜ղցր արձագանգներով:
– Մենք անկեղծ զինուոր ենք, առանձին վիճակ,
Ուխտեր ենք ծառայել երկար ժամանակ…
Կրկնեցէ՛ք, վերանորոգեցէ՛ք այդ ուխտը, դաշնակցական ընկերնե՛ր, ա՛յս երգի բառերով եւ երգեցէք այսօր աւելի խրոխտ, աւելի ուժգին, աւելի խանդավառ:
Ձերն է մեր երէկը իր ծով արիւններով ու դիւցազնական հրաշավէպերով, մեր այսօրը` նոր գուպարներու համբերատար սպասումներով ու մեր ապագան` խոյանքի նոր ճախրումներով, դէպի լուսածին հանգրուանը այսօրուան մութ ճամբաներուն:
Չկայ ուժ մը, որ փակէ ճամբան սրտապինդ ուխտագնացներուն: Ու չկայ ձեռք մը, որ կարենայ խցել հագագներն անոնց, որոնք կ՛երգեն ռազմագոռ երգը յեղափոխական ոգորումներու:
Կոչումը մեծ է եւ մեծ ես դուն ալ կոչումիդ պէս: Այլեւ տոկուն ու հաստատամիտ` ժայռանման ամրութեամբ: Բոց կայ աչքերուդ մէջ եւ հեւքը` կուրծքիդ տակ,- ստեղծագործ հեւքը վաղուան լինելութեանց:
Քեզի՛, ուրեմն, պաշտած կուսակցութեանդ եօթանասունամեակին նուիրուած այս փառատօնին խորհուրդը մասնաւորաբար:
Ճակատդ միշտ բարձր, քալէ վճռակամ:
Ու երգէ՛ անգամ մըն ալ ուխտդ ռազմունակ.
– Մենք անկեղծ զինուոր ենք, առանձին վիճակ,
Ուխտեր ենք ծառայել երկար ժամանակ…
1960


