Ազրպէյճանի նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի ապահովէ Ազրպէյճանի մայրցամաքային մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ կապը: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Անիկա նաեւ պիտի ծառայէ Թուրքիոյ հետ մեր ուղիղ ցամաքային փոխադրամիջոցային կապերու ընդլայնման, Միջին միջանցքի թողունակութեան մեծացման, միջազգային առեւտրական եւ գումակային կապերու զարգացման եւ, աւելի լայն իմաստով, պատմական Մետաքսի ճամբուն վերածնունդին», նշած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Միջազգային Կովկասեան քոնկրեսը կարեւոր հարթակ պիտի դառնայ շրջանի զարգացման հեռանկարներու եւ Մետաքսի ճամբու վերականգնման կարելիութիւններու քննարկման համար:
Անոր համոզմամբ` քոնկրեսը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ կայուն զարգացման ապահովման:


