Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի անկախութեան 83-ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձներ ստացաւ Ֆրանսայի, Յունաստանի, Եմէնի եւ Հնդկաստանի նախագահներէն, Յորդանանի գահաժառանգէն եւ Չիլիի կառավարութենէն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Ֆրանսան, Լիբանանի հետ խորապէս արմատաւորուած իր երկարատեւ պատմութեան մէջ, ինչպէս գիտէք, յատուկ նշանակութիւն կու տայ մեր երկու երկիրներն եւ ժողովուրդները իրարու կապող եղբայրական կապերուն: Լիբանանի հետ իր բարեկամութենէն մեկնելով` ան միշտ մտահոգուած է անոր անվտանգութեամբ, գերիշխանութեամբ, միասնութեամբ, կայունութեամբ եւ բարգաւաճումով:
«Մինչ թշնամական արարքները կը շարունակեն առօրեայ ցաւալի իրողութիւն մը մնալ, բազմաթիւ տուներ քանդուած կը մնան, հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներու կ՛արգիլուի իրենց բնօրրաններ վերադառնալ, եւ մինչ նոր մագլցումի մը նկատմամբ մտավախութիւնները կ՛աւելնան, Ֆրանսան, սուղ գին վճարած քաղաքային բնակիչները պատող մտահոգութեան դէմ յանդիման, պիտի շարունակէ ներկայ վճռորոշ փուլին Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին կողքին կանգնիլ:
«Այս առումով, կ՛ուզեմ ողջունել ձեր կողմէ տրուած քաջարի որոշումը` Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ ուղղակի բանակցութիւններու սկսելու` ամուր եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու նպատակով: 26 յունիսին եռակողմ շրջագծային համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կարեւոր առաջին քայլ է Լիբանանի պետութեան գերիշխանութեան ամրապնդման ուղղութեամբ` համաձայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին:
«Յառաջիկայ ընտրութիւնները Լիբանանի համար յատկապէս կարեւոր են: Հետեւաբար, ձեր ազգային տօնին վերաբերեալ ձեզի կը մաղթեմ խաղաղութիւն, կայունութիւն ու բարգաւաճում, որպէսզի Լիբանանը մնայ այնպիսին, ինչպիսին կը ներկայանայ` խոստմնալից հայրենիք, ուր կիներ եւ տղամարդիկ` իրենց տարբեր- տարբեր մշակոյթներով, համայնքներով եւ հորիզոններով, կրնան միասին ապրիլ ազատութեան ու եղբայրութեան մէջ»:


