Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն քարտուղարն է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան հետ:

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ժողովը արդիւնաւէտ էր եւ առիթ էր ընդգծելու Լիբանանն ու Ֆրանսան իրար կապող պատմական յարաբերութիւններու խորութիւնն ու այն դերը, որ Ֆրանսան կատարած է Լիբանանին, անոր գերիշխանութեան եւ կայունութեան աջակցելու մէջ:

Ան նշեց, որ ֆրանսական պատուիրակութիւնը շեշտը դրած է այն հարցին վրայ, որ Լիբանան պէտք է իր գերիշխանութիւնը վերականգնէ, եւ լիբանանցիներուն միջեւ պէտք է տեւական ու հիմնական երկխօսութիւն ըլլայ:

«Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան քանի մը հիմնական հարցեր, որոնց կարեւորագոյնը հարաւային Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու թիւ 1701 որոշումն էր: Մենք ընդգծեցինք կայունութեան անհրաժեշտութիւնը, պետական իշխանութիւնը մինչեւ սահմաններ տարածելը եւ լիբանանեան բանակին` իբրեւ անվտանգութեան հիմնաքար, աջակցիլը: Մենք ընդգծեցինք ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումէն ետք բացը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը եւ խնդրեցինք, որ Ֆրանսան շարունակէ իր յառաջատար դերը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ` յաջորդ փուլին համար յստակ ու կայուն կարգաւորումներ ապահովելու համար: Ֆրանսան այժմ պատասխանատու պիտի ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք առաջարկուող լուծումներու մշակման համար, եւ մենք յոյս ունինք, որ Լիբանանի պահանջները պիտի իրականացուին», ըսաւ ան:

Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը ըսաւ, որ նաեւ անդրադարձ կատարուած է իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով ներքին տեղահանութեան, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին: Համաձայնութիւն գոյացած է խորհրդարանական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ երկու յանձնախումբերուն միջեւ փոխադարձ այցելութիւններ կատարելու:

«Լիբանան կառչած պիտի մնայ Ֆրանսայի հետ իր բարեկամութեան», նշեց Ալամէ:

 

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Այցելեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ Այցելեց  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ Այցելեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

November 25, 2026
Այսօր Լիբանանի Մէջ Ցամաքային  Փոխադրամիջոցներու Միութիւններու  Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Ցոյց
Լիբանանեան

Այսօր Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Փոխադրամիջոցներու Միութիւններու Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Ցոյց

November 25, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։