Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ԹՐԻՓՓ նախագիծի գործնական փուլի պաշտօնական մեկնարկումին առիթով յղեց հետեւեալ ուղերձը.
«Յատուկ ողջոյն Հայաստանի մէջ բոլորին՝ այն աներեւակայելի ուրախալի առիթով, երբ պաշտօնապէս կը մեկնարկէք «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծը։ Ես ատով շատ հպարտ եմ։
«Կ՛ուզեմ շնորհաւորել իմ ընկերս՝ վարչապետ Փաշինեանը, անոր խիզախ առաջնորդութեան համար։ Ան ընտրեց խաղաղութեան ուղին եւ մեզի հետ աշխատեցաւ՝ վերջ դնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տեւական հակամարտութեան։ Աւելի քան 35 տարի այս հակամարտութիւնը անասելի տառապանքներ պատճառած է, եւ շատեր փորձած են լուծում գտնել, սակայն ձախողած են։ Սակայն մենք ատիկա ըրինք եւ անցեալ տարի Սպիտակ տան մէջ ստորագրեցինք պատմական խաղաղութեան համաձայնագիր։
«Այսօր մենք կը շարունակենք մեր յառաջընթացը «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի եւ բոլորովին նոր՝ ԹՐԻՓՓ զարգացման ընկերութեան մեկնարկով։
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ այս գործընկերութիւնը պիտի ստեղծէ առեւտրական նոր ուղիներ ամբողջ շրջանին մէջ ապրանքներու եւ ուժանիւթի հոսքերու, ինչպէս նաեւ ճամբորդութիւններու համար։ Մենք յանձնառու ենք ապահովելու, որ անիկա ունենայ մեծ, մեծ յաջողութիւն։
«Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր պաշտօնակիցին՝ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին՝ մեզի հետ աշխատելու եւ այս օրը կարելի դարձնելու համար, ինչպէս նաեւ իմ թեկնածութիւնս մեծահոգաբար Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի առաջադրելու համար։ Պիտի ուզէի նաեւ վարչապետ Փաշինեանը յաջորդ տարի հրաւիրել Սպիտակ տուն, երբ ան ժամանէ Ուաշինկթըն՝ Ազգային աղօթքի նախաճաշին մասնակցելու։
Անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպման։ Ան բացառիկ մարդ է եւ շատ լաւ ընկեր։ Միասին կրնանք խօսիլ, թէ ինչպէ՛ս արդիւնաւէտ կերպով յառաջ մղենք շրջանային խաղաղութիւնը եւ զարկ տանք մեր երկկողմ կապերուն։ Միացեալ Նահանգները երբեք այսքան լաւ ցուցանիշեր չեն ունեցած, որքան հիմա։ Ներդրումներու ծաւալները մեր մօտ աննախադէպ են. ճիշդ հիմա Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ներդրուի 22 եռիլիոն տոլար։ Երբեք չէ եղած որեւէ երկիր, որ նոյնիսկ մօտ ըլլայ ներդրումներու նման ծաւալի։
«Եւ վերջաւորութեան՝ չկայ աւելի մեծ կամ աւելի արժանի նպատակ, քան խաղաղութիւնը, եւ ինծի համար պատիւ եղած է աշխատիլ Հայաստանի ժողովուրդին հետ՝ այս ամէնը կարելի դարձնելու համար։
«Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն։ Աստուած ձեր բոլորը օրհնէ։ Կը շնորհաւորեմ։ Կեցցէ՛ք, հիանալի աշխատանք կատարած էք»։


