ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Երկար տարիներ Ամերիկայի օտար ափերուն հայ գիրի ծաղկումին եւ տարածումին սպասարկող` շնորհաշատ մանկավարժ, հմուտ մտաւորական եւ մշակութային գործիչ Զարմինէ Պօղոսեան ընթերցասէր հանրութեան կը ներկայացնէ իր երկրորդ գիրքը` «Փունջ մը խունկ մեսրոպեանի խնկամանին» խորագիրով:
Միջավայր փոխել ու նոր մթնոլորտին մէջ մնալ հաւատարիմ մայրենիին` ինքնին զինք կը բարձրացնէ հայրենասէրի պատուանդանին:
Զարմինէ Պօղոսեան մեծ սէր ունի հայ լեզուին հանդէպ: Եթէ սերտենք անոր համակ կեանքը, տարիներու տքնաջան աշխատանքները հայ շրջանակներէ ներս` պիտի տեսնենք, որ անոր կեանքը մեծ նուիրում մը եղած է հայ գիրի դպրութեան:
Այս գիրքով հեղինակը կը ներկայացնէ իր մշակութային-մանկավարժական փորձառութիւնները իրենց զանազան գոյներով:
Իր բոլոր յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն իր վարած կեանքը ամերիկեան ափերուն:
Զարմինէին գրիչը առիթ կու տայ ընթերցողին, որ ան ծանօթանայ ազգային, գրական թէ համամարդկային այն շրջանակին, ուր ապրած, զգացած ու գործած է:
Հեղինակին ոճը պարզ է, հասկնալի ու անսեթեւեթ, ընթերցողը դիւրաւ կրնայ թափանցել անոր խորքին:
Նկատի ունենալով երկար տարիներու Զարմինէ Պօղոսեանի անսակարկ աշխատանքները հայ լեզուի անդաստանին մէջ, ան արժանի է, որ զինք կոչենք մայրենիի դեսպանը Ամերիկայի ափերուն, ուր միշտ զարկ տուաւ իր գրիչին` մեզի հրամցնելով հաճելի ծանօթացումներ զանազան ասպարէզներու ներկայացուցիչներու, որոնք կը տողանցեն իր էջերուն մէջ:
Անոր մօտեցումը հայ լեզուին նկատմամբ ինծի կը յիշեցնէ Մուշեղ Իշխանը, որ կը գրէ.
«Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխահիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ
Կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ:
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՛ն ապագան…»:


