Լիբանանի Անկախութեան տօնը համապետական, համաժողովրդային մակարդակով եւ համարժէք արարողութիւններով ու տօնախմբութիւններով չի նշուիր վերջին ժամանակներուն: Պատճառը պարզ է. երկիրը կ՛ապրի ինչպէս անվտանգային, այնպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային սուր ճգնաժամեր: Կան միտումներ Անկախութեան տօնին համատարած եւ համալիբանանեան բնոյթ հաղորդելու, այդուհանդերձ` չլուծուած խնդիրները կ՛արգելակեն տօնը նախկին տարողութեան վերադարձնելու:
Լիբանանի անկախութեան առարկայացումը պայմանաւորուած էր նաեւ համալիբանանեան մասնակցութեամբ կամ պատմութեան մէջ յայտնի «Ազգային ուխտ»-ով: Առանց ներլիբանանեան իրողական միաւորումին` դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել հոգատարութենէն, աւելի յստակ` կախեալութենէն դուրս գալը, ինքնուրոյն պետութիւն կերտելը եւ անկախութիւն հռչակելը:
Անկախութիւնը կը դառնայ ձեւական, ուրեմն, եթէ չկայ ազգային միակամութիւն: Երբ երկփեղկուած է ժողովուրդը, բեւեռացած է քաղաքական դաշտը, համալիբանանեան հիմնական օրակարգերու շուրջ չի գոյանար համախոհութիւնն ու համաձայնութիւնը, ապա պաշտօնական անկախութիւնը կը վերածուի իրողական կախեալութեան` առիթ տալով տարբեր ուժերու իրենց հաշիւները մաքրելու բազմաչարչար Լիբանանի քաղաքական հրապարակին վրայ:
Այսպէս կ՛անդամալուծուի պետութիւնը, չեն գործեր պետական կառոյցներն ու հաստատութիւնները, չի վերականգնիր տնտեսութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը այս պարագային` չ՛առարկայանար ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու գերիշխան իրաւունքը:
Անկախութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անսասանելիութեան սկզբունքներով: Երբ լիբանանեան գերիշխան տարածքներ կը մնան գրաւուած, երբ օտար ուժերու օդուժը անարգել կը սաւառնի Լիբանանի երկնքին վերեւ, կ՛ոտնահարուին ինքնիշխան տարածքի սկզբունքն ու տարածքային ամբողջականութեան անձեռնմխելիութիւնը:
Այս բաղադրիչներու ամրակայման ալֆան եւ օմեկան Ազգային ուխտն է: Եթէ կախեալ եւ հոգատարութեան ենթակայ վիճակի մէջ Լիբանանը բաղկացնող հիմնական համայնքներն ու քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչները պատմական որոշումը գոյացուցին` շրջանցելու իրենց հանգուցային տարակարծութիւնները եւ միաւորուելու` անկախանալու համար, ապա այսօր բոլոր հանգամանքները անյետաձգելիօրէն կը թելադրեն վերադառնալ Ազգային ուխտի ելակէտային սկզբունքին եւ անոր կառչած մնալ:
Արտաքին պարտադրանքով չ՛անկախանար որեւէ պետութիւն: Արտաքին պարտադրանքով օրակարգ չի կրնար իրականացնել որեւէ կառավարութիւն: Միայն արտաքին օժանդակութեամբ մարտունակ հեղինակութեան չի վերածուիր որեւէ ուժային կառոյց: Արտաքին պարտադրանքով, տակաւին, արդիւնաւէտ չի վարուիր պետական որեւէ վարչակառավարում:
Պայմանական ելակէտը Ազգային ուխտի գոյացումն է: Անկէ կը բխին բոլոր օրակարգերու լուծման ուղիները: Զէնքի մենաշնորհումը, բայց նաեւ` թշնամի ուժերու հեռացումը լիբանանեան տարածքներէն: Բանակի օժանդակութիւններով արդիականացումը, բայց նաեւ` ամբողջական ստանձնումը իսրայէլեան գրաւող բանակներու դիրքերուն: Տնտեսական վերականգնումը, բայց նաեւ` ֆինանսական համակարգի լիբանանականացումը: Պետական վարչամեքենայի արդիականացումը, բայց նաեւ` անոր հեռակառավարման դրութենէն դուրս գալը:
Եթէ զուգահեռ եւ ամբողջական չընթանան այս գործընթացները, եւ շարունակուին միակողմանի արտաքին պարտադրանքները, ապա Լիբանան կը շարունակէ ծուարած մնալ ձեւական անկախութեան եւ իրողական կախեալութեան շրջածիրին մէջ` իր հրապարակը տրամադրուած պահելով արտաքին, շրջանային եւ միջազգային ուժերու հաշիւներու լուծման հարթակի:
Այս բոլորի բիւրեղացման եւ իրողական անկախութեան վերատիրացման համար առաջին, անզիջելի եւ անփոխարինելի քայլը Լիբանանի անկախութեան հռչակման օրերուն կայացած Ազգային ուխտի վերաիմաստաւորումն է:


