Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ութ տարի շարունակ Հայաստանը ղեկավարած Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդդիմութեան նորէն առաջարկեց խորհրդարանին մէջ կողմ քուէարկել եւ աջակցիլ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելուն: Փոխարէնը ան «խոստացաւ»` անկախ հանրաքուէի արդիւնքներէն, այլեւս չառաջադրել իր թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին:

Սահմանադրութեան նախագիծին բնագիրը յառաջիկայ շաբաթ պիտի հրապարակուի: Որպէսզի փաստաթուղթը դրուի հանրաքուէի, նախ պէտք է հաստատուի խորհրդարանին մէջ: Այս հարցին մէջ է, որ իշխող ուժին անհրաժեշտ է ընդդիմութեան աջակցութիւնը` առնուազն վեց ընդդիմադիր պատգամաւորի կողմ քուէ: Խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր ուժերը մինչեւ Փաշինեանի երէկուան առաջարկը յայտարարած էին, որ իրենց քուէն պիտի չտան «ալիեւեան սահմանադրութեան»:

Փաշինեանի առաջարկէն ետք «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան վերահաստատեց իր խմբակցութեան դիրքորոշումը, որ կը մերժէ բոլոր տեսակի առաջարկները եւ զանոնք կը նկատէ անընդունելի:

«Փաշինեանի հետ գործարքի չերթալով` կը շրջանցենք Փաշինեանի լարած թակարդը: Ես չեմ պատկերացներ բեմագրութիւն մը, որով Փաշինեանը կ՛առաջարկէ գործարք` իրականութեան մէջ նպատակ ունենալով հեռանալ իշխանութենէն: Փաշինեանի խօսքին վստահիլը պիտի ըլլլայ իսկապէս յիմարութիւն, եւ չեմ կարծեր, որ Փաշինեանի առաջարկը մերժելը զայն հեռացնելու կարելիութեան բացթողումն է: Փաշինեանի հեռացման կարելիութիւնը բոլոր տեղերուն մէջ է, ուր չկայ իրեն հետ գործարք, իրեն հետ գործարքով կը բացառեմ անոր հեռանալը», յայտարարեց դաշնակցական պատգամաւորը:

Նախորդը

RelatedPosts

webconference-Mardig-Cholakian-&-Razmig-Haroun
Այլազան

November 20, 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ  Վար Առնուած Է Ազրպէյճանի Դրօշը
Հայկական

Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար Առնուած Է Ազրպէյճանի Դրօշը

November 20, 2026
Այսօր Փութին-Թրամփ-Շի  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Փութին-Թրամփ-Շի Եռակողմ Վեհաժողով

November 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.