Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամըս Փիկըթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով մեկնաբանեց Հըզպալլայի դէմ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան հաստատած պատժամիջոցները:
«Լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է երկրի մը, որ կայունութիւն կը վայելէ, եւ այդտեղ միայն լիբանանեան պետութիւնը զէնքի եւ իշխանութեան մենաշնորհը ունի», յայտնեց Փիկըթ` նշելով, որ «Հըզպալլայի մարդասիրական խմբաւորումներն ու սեփական մարզը օգտագործելով այդպիսի ապագայ մը ականահարել եւ աւերել շարունակելու փորձը ամօթալի է»:
«Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն արգիլել այսպիսի փորձերը, մինչ կը քաջալերեն օրինական օժանդակութիւններն ու ներդրումները, որոնք իրապէս լիբանանցի ժողովուրդին կ՛օգնեն, եւ ոչ թէ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումի մը», ըսաւ բանբերը:
«Միացեալ Նահանգները այսօր Հըզպալլային պատկանող կազմակերպութեան մը եւ այդ ահաբեկչական խմբաւորման աշխատանքներուն աջակցող մաքսանենգման ցանցի մը դէմ քայլեր կ՛որդեգրէ: Այս ճակատային կազմակերպութիւնը` «Թաաուանու» միութիւնը կը պնդէ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կը տրամադրէ միայն արտակարգ օգնութիւն, մինչդեռ իրականին մէջ անիկա կը տեղափոխէ Հըզպալլայի անդամները, կը պահեստաւորէ խմբակի զէնքը եւ արտասահմանէն նուիրատուներու գումարները կ՛ուղղորդէ Հըզպալլայի ահաբեկչական գործունէութեան:
«Ատոր հիմնադիր Աֆիֆ Ապտելռիտա Շումանը կուսակցութեան ցուցմունքով կը ղեկավարէ կազմակերպութիւնը», յայտնեց Փիկըթ:
«Հըզպալլային աջակցելով «Թաաուանու»-ն կը խաթարէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ կը վտանգէ հարաւային Լիբանանի ժողովուրդին օգնութիւն հասցնելու օրինական ջանքերը:
«Այսօրուան գործողութիւնը նաեւ կը թիրախաւորէ Հասան եւ Իպրահիմ Խաշշան եղբայրները, որոնք համագործակցած են Հըզպալլայի հետ` Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասէն զգալի միջոցներ փոխանցելու համար:
«Անոնց ցանցը կ՛օգտագործէ Լիբանանի մէջ գործող «Կոլտ Կլոպըլ» ընկերութիւնը, Թուրքիոյ մէջ գործող «Սանքարի Կոլտ» ընկերութիւնը եւ կանխիկ դրամական փոխադրողները` ոսկիի ձուլակտորներ եւ դրամանիշեր սահմաններէն, ներառեալ Ափրիկէէն տեղափոխելու համար», ընդգծեց Փիկըթ:


