Յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի Հայաստանի նոր սահմանադրութեան նախագիծը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններով` նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հրապարակումէն առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին:
Այն, որ նախագիծը պիտի հրապարակուի քանի մը օրերու ընթացքին, երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց նաեւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան: Նա, սակայն, յստակ օր չնշեց:
«Ձեւաչափին մասին պիտի ըլլան լրացուցիչ տեղեկութիւններ, վստահ եմ ամէն ինչ թափանցիկ պիտի ըլլայ», նշեց Ալեքսանեան:
Աւելի կանուխ արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանն ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էին, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի նոյեմբերին:
Սահմանադրութեան փոփոխութեան շուրջ վերջին օրերուն սրած է Հայաստանի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ պայքարը: Նոր Սահմանադրութիւնը «ալիեւեան» անուանող 12 ընդդիմադիր ուժեր յայտարարած են համախմբուելու եւ իշխանութիւններուն նկատմամբ հանրային ճնշում գործադրելու մտադրութեան մասին` փաստաթուղթի ընդունումը կանխելու նպատակով:


