Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ֆրանսայի Ուքրանիոյ մէջ զինուորներ տեղակայելը պատերազմին «ուղղակի մասնակցութիւն» է:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ խումբ մը ֆրանսացի զինուորներ ամիսներէ ի վեր Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուած են ուքրանացի զինուորներ մարզելու եւ զինուորական սարքերու նորոգութեան համար:
«Մենք ատկէ տեղեակ ենք եւ մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք… այլեւս հարցը Ուքրանիոյ աջակցութիւնը չէ, այլ` այս պատերազմին ուղղակի մասնակցութիւնը», նշեց Լաւրով:
Ֆրանսան մերժեց Լաւրովի յայտարարութիւնը եւ զայն նկատեց «անհեթեթ»:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ալի Ռիւֆօ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ մարզումի եւ սարքերու նորոգութեան նպատակով ֆրանսացի զինուորներու «շատ սահմանափակ» տեղակայում գոյութիւն ունի:
«Կռուելու որեւէ մտադրութիւն գոյութիւն չունի, ի տարբերութիւն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի այսօր առաւօտ ըսածին, որ անհեթեթ յայտարարութիւն է», ըսաւ ան:


