Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան ընթացքը հասկնալու համար պէտք է երթալ 2009, երբ Պաքուի ճնշումով Թուրքիա ձախողեցուց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Թրքական «Թի24» կայքի սիւնակագիր Պարչըն Ինանչ այսպէս սկսած է իր յօդուածը:
Հրապարակումին մէջ կը նշուի, որ 2009-ին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը յաջողութեամբ ձախողեցնելէ ետք, Ազրպէյճան ձեռնամուխ եղած է Թուրքիոյ մէջ ազդեցութիւն ձեռք բերելու գործին` դառնալով Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ ներդրում կատարող երկիրներէն մէկը, ընդհուպ մինչեւ լրատուական ալիքի ձեռքբերում:
Անդրադառնալով 21 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի դպրոցներուն մէջ լաչակ կրելու արգելքէն ետք տեղի ունեցած յայտնի զարգացումներուն, կը նշուի, որ, թէեւ Անգարան զիջումներ կը կատարէ, պաշտօնէ կ՛արձակէ խորհրդական մը, ձերբակալութիւններ կը կատարէ հակաազրպէյճանական գրառումներ կատարողներու շրջանակներուն, բայց եւ այնպէս Ալիեւ աւելիով կը սրէ իրավիճակը:
«Ալիեւ նոյն ձեւով առանց դադարի կը սրէր իրավիճակը թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ֆրանսայի հետ լարուածութիւններու ժամանակ», կը նշուի գրութեան մէջ:
Ըստ «Թի 24»-ի, Թուրքիան պէտք է հասկնայ, որ Ազրպէյճան 2020-ի Ղարաբաղի պատերազմին յաղթանակէն ետք Թուրքիոյ համար այլեւս «պզտիկ եղբայր» չէ, այլ առանձին արտաքին քաղաքական գործօն:
Անդրադառնալով հայ-թրքական սահմանի բացման հարցին` հրապարակումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան այս լարուածութեան ծիրին մէջ Թուրքիա պիտի չնախաձեռնէ Հայաստանի հետ սահմանի բացման, որովհետեւ ատիկա աւելիով պիտի սաստկացնէ լարուածութիւնը եւ պիտի ստիպէ Ազրպէյճանը աւելի խստացնելու Հայաստանի նկատմամբ իր կեցուածքն ու պիտի ձգձգէ շրջանային կարեւոր ծրագիրները:


