Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երէկ սկսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած լսումներ` Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներուն նիւթով:
Լսումներուն իշխանական Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ, ներկայ էին «Ուժեղ Հայաստան»-ի անդամները:
Զեկուցումով հանդէս եկաւ Մարդու իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը` պնդելով, որ ընդդիմադիրները հետապնդելու հրահանգ Նիկոլ Փաշինեանը նոյնինքն խորհրդարանի ամպիոնէն հնչեցուց:
«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութենէն Գոհար Մելոյեան առաջարկեց ուսումնասիրութեան առարկայ դարձնել իրենց կուսակից Արսէն Գէորգեանի մահուան հանգամանքները: Ան ըսաւ, թէ Գէորգեան մահացած է պատշաճ բժշկական օգնութեան բացակայութեան պատճառով:


