«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան հետախուզութեան պաշտօնատարները իսրայէլացի անհետ կորսուած օդաչու Ռոն Արատի որոնման տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող գործողութեան ծիրին մէջ առեւանգած են իրանցի բարձրաստիճան զօրավարներ, զանոնք չարչարանքի տակ հարցաքննած եւ անոնցմէ ոմանք սպաննած` հակառակ հետախուզական շարք մը զեկուցումներու եզրակացութեան, թէ Իրան Արատի առեւանգման մեղսակից չէր:
Ըստ օրաթերթին հրապարակած հետաքննութեան, այդ գործողութիւններուն կարեւորագոյններէն մէկը տեղի ունեցած է Դամասկոսի մէջ սեպտեմբեր 2021-ին, երբ իսրայէլացի գործակալներ առեւանգած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հին անդամներէն իրանցի զօրավար Ապտալլա Սապիրին, երբ դիւանագիտական թաղամասի մը մէջ կը վազէր:
Անոնք զինք թմրեցնելէ ետք առած են ճերմակ բեռնակառքի մը մէջ եւ անոր գլուխը սառնարանի մէջ դրած, ապա զինք փոխադրած են Իսրայէլ:
Հարցաքննութիւնը կատարողները միայն մէկ հարցում ուղղած են` «Ռոն Արատի մասին ի՞նչ գիտես», հակառակ այն իրողութեան, որ Սապիրին անոր մասին որեւէ տեղեկութիւն չունէր:
«Նիւ Եորք Թայմզ» նաեւ հաղորդեց, որ երկու տասնամեակ առաջ Ռոն Արատի որոնման ընթացքին Իսրայէլ նաեւ առեւանգած է իրանցի զօրավար Ալի Ռիտա Ասղարին, զայն հարցաքննած ու սպաննած Արատի մասին որեւէ տեղեկութիւն ստանալ ձախողելէ ետք: Իրանցի այս զօրավարին հարցը մինչեւ այս զեկուցումին հրապարակումը անորոշ մնացած էր:
Այս ծիրին մէջ նաեւ կը նշուի 1994 թուականին լիբանանցի Ապտելքարիմ Տիրանիի իսրայէլեան մասնայատուկ ուժի մը կողմէ առեւանգումը: Ան ծանր չարչարանքի ենթարկուած է եւ ի վերջոյ ըսած, թէ իրանցի պաշտօնատար մը իրեն ըսած է, թէ Յեղափոխական պահակագունդը Արատը արգելափակած է եւ փոխադրած Իրանի մէջ ճամբար մը, թէեւ մինչեւ օրս ոչ մէկ ապացոյց այս վարկածը հաստատած է:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հրապարակած զեկուցումը կ՛եզրափակէ, թէ ամէնէն հաւանականը այն է, որ Արատի պատմութիւնը «սկսած ու աւարտած է Լիբանանի մէջ», եւ թերեւս ան սպաննուած է փախուստ տալու փորձի ընթացքին կամ մահապատիժի ենթարկուած է իբրեւ վրիժառութիւն, ինչպէս ըսած է Մոսատի նախկին սպայ Իկրան, որ նշած է. «Ատիկա բարդ խնդիրի մը պարզ լուծում մըն էր»:


