Եմէնի մէջ Հարաւային փոխանցման խորհուրդին պատկանող Եմէնեան հարաւային ուժերը յայտարարեցին. «Վերադիրքաւորման ենթարկեցինք Զուպապ օդակայանի եւ Պապ Մանտեպ շրջանին մէջ մեր ուժերու դիրքերը` անոնց տեղակայման վերակազմակերպման ծիրին մէջ»:
«Վերադիրքաւորումը Ատենը ու մերձակայ նահանգները թիրախաւորող վտանգներու լոյսին տակ է», աւելցուցին անոնք:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հուսիները եմէնեան ուժերուն թիկունքը անցած են` աւելցնելով, որ Եմէնեան հարաւային ուժերու Պապ Մանտեպ շրջանէն նահանջելը հուսիներուն ծովային նեղ անցքին վրայ աւելի մեծ վերահսկողութիւն կ՛ապահովէ եւ համաշխարհային նաւարկման վրայ ճնշումը կ՛աւելցնէ:
Հուսիներու «Մասիրա» պատկերասփիւռի կայանը նախքան այդ աղբիւր մը մէջբերելով հաղորդած էր. «Սէուտական թշնամիի ուժերու կուտակումը, իր դէմ պաշարման օղակի սեղմումէն ետք, Զուպապի եւ Պապ Մանտեպի շրջանէն նահանջեց»:
«Նահանջող ուժերը կորսնցուցին իրենց թիկունքի դիրքերն ու գիծերը եւ ստիպուեցան քաղաքը պաշտպանելու պատրուակով դէպի Ատեն փախուստ տալ», աւելցուցած է աղբիւրը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է. «Թշնամիին ճակատէն փախուստ տալը իբրեւ վերադիրքաւորում ներկայացնելը սպաննուելէ կամ գերեվարուելէ սարսափի մթնոլորտի եւ վախի ապացոյց է»:


