Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յառաջիկայ օրերուն Փաքիստան եւ Օման պիտի այցելէ:
Պաղայի ըսաւ, թէ Արաղչի երկուշաբթի օր պիտի մասնակցի Փաքիստանի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու 30-րդ ժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին կազմակերպութեան անդամ տասը երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան կարելիութիւնները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ ինչ կը վերաբերի իրանեան դիւանագիտութեան պետի Օման այցելութեան, ան երեքշաբթի օր պիտի ուղղուի Մասքաթ` իր օմանցի պաշտօնակից Պատր Պուսայիտիի հետ հանդիպում ունենալու եւ անոր հետ խորհրդակցելու համար:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ նշեց. «Մեր ուժերուն յայտարարած հրթիռային քաղաքը` շրջանին մէջ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնները կը փոխէ»:
«Հրթիռային քաղաքի յայտարարումը պարզապէս թեքնիք եւ պաշտպանական ձեռքբերում մը չէ, այլ շրջանին մէջ ռազմավարական հաւասարակշռութիւններու փոփոխութեան խորհրդանիշ», նշեց ան:
«Ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» վիճակին մէջ պիտի չմնանք», ըսաւ Ղալիպաֆ:
Նշենք, որ Իրան 10 նոյեմբերին յայտարարած էր ստեղծումը գետնին տակ հրթիռային ռազմավարական նոր քաղաքի մը, որ կը պատկանի Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի օդատիեզերական ուժերուն եւ ունի թեւաւոր ու հեռահաս հրթիռներու հսկայական պահեստանոց մը, ինչպէս նաեւ հրթիռարձակման շարժուն հարթակներ ու արդիական համակարգեր:


