Գերմանիոյ ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, շաբաթավերջին տեղի ունեցան 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Չորս հայ ըմբիշներ` Հայկ Խլոյեան, Տիգրան Մինասեան, Գասպար Տէրտէրեան եւ Սամուէլ Տէրտէրեան յաղթանակներ տօնեցին իրենց մենամարտերուն:
Անոնցմէ երեքը իրենց մենամարտերը ժամանակի աւարտէն կանուխ վերջացուցած են իրենց ճակատումները:
Քէօլերպախի խումբին մէջ Հայկ Խլոյեան (մինչեւ 98 քկ) 16-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց գերմանացի Եան Ցիրնիի դէմ մէկուկէս վայրկեան տեւած մենամարտին:
Անոր խմբակից Տիգրան Մինասեան (մինչեւ 61 քկ) 12-6 արդիւնքով յաղթեց Ռաշատ Օրուճեւին, սակայն հայ ըմբիշներու գոյգ յաղթանակները բաւարար չէին, որ Քէօլերպախ յաղթէ: Պայենֆուրթ-Ռավենսպուրկ զոյգը 18-13 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Քէօլերպախին:
Քլայնոսթհայմի խումբի անդամ Գասպար Տէրտէրեան մինչեւ 75 քկ կշիռի մրցումներուն յաղթեց թուրք ըմբիշ Սերտար Տուրմուշին` 17-1 արդիւնքով: Տէրտէրեանի խումբը 27-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Կրայցի խումբին:
Հէօսպախի հետ յաջող ելոյթներ ունեցան նաեւ Սամուէլ Տէրտէրեան (80 քկ) եւ Լեհաստանը ներկայացնող հայ ըմբիշ Գէորգ Սահակեան:
Սամուէլ Տէրտէրեան 15-0 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Լուքա Թայպիին, մինչ Սահակեան 16-0 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Ֆիլիփ Թիլման Ֆրիտրիխին:
Հէօսպախ 21-4 արդիւնքով յաղթեց Հիւթիկվայլերին:


