
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Ուրիխանեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնը կը պատրաստուի դէմ քուէարկել կառավարութեան կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուելիք Հայաստանի կառավարութեան 2012-2017 թուականներու գործունէութեան ծրագիրին:


