Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան համաձայն, հոկտեմբերին Արաբական ծոցէն քարիւղի արտածումները հասած են Իրանի դէմ ամերիկեան պատերազմէն առաջուան իրենց մակարդակի 82 առ հարիւրին, ինչ որ Հորմուզի նեղուցին ճամբով մատակարարումներու յաւելման լոյսին տակ, շրջանէն մատակարարումներու հոսքի առողջացման նշան է:
Գործակալութիւնը, որուն կեդրոնատեղին Փարիզի մէջ է, զեկուցում մը հրապարակելով նշեց, որ Արաբական ծոցէն քարիւղի արտածումները հոկտեմբերին ամսական դրութեան հիմամբ բարձրացած է օրական 740 հազար տակառով եւ հասած օրական 15 միլիոն տակառի, իսկ Հորմուզի նեղուցին ճամբով քարիւղի հոսքը աճած է օրական 440 հազար տակառով եւ հասած օրական 11,8 միլիոն տակառի:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը շեշտեց, որ քարիւղի համաշխարհային շուկան Ծոցի շրջանէն մատակարարումներու առողջացման ազդեցութեան տակ կ՛ուղղուի դէպի մատակարարման աւելցուք, եւ կը նախատեսուի, որ քարիւղի մատակարարումները 2026 թուականին պիտի նուազին օրական 4,8 միլիոն տակառով, նախքան 2027 թուականին օրական շուրջ 6,6 միլիոն տակառով պիտի աճին` աւելցնելով, որ տարուան վերջին եռամսեակին քարիւղի համաշխարհային մատակարարումները պիտի գերազանցեն պահանջարկը:


