Հայաստան-Իրան միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի նիստին մասնակցելու համար Հայաստան գտնուող Իրանի փոխնախագահ Համիտ Փուրմոհամմետի նիստէն ետք յայտարարեց, որ Իրան կարելիութեան պարագային կրնայ կազ արտածել Հայաստան: «Կարծեմ տեղեակ էք, որ Իրան աշխարհի մեծագոյն կազի պաշարները ունեցող երկիրներէն է, եւ եթէ ունենայ կարելիութիւն կազի արտահանման առումով, ի՞նչ աւելի լաւ բարեկամ, քան Հայաստանը, որուն արտածենք», ըսաւ ան` պատասխանելով լրագրողներուն հարցումին:
Ան նաեւ շեշտեց, որ շրջանի անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը պէտք է ապահովուին եւ պահպանուին շրջանի երկիրներուն միջոցով: «Թրամփի ուղի»-ին վերաբերեալ իրենց դիրքորոշման մասին հարցումին պատասխանելով, ան վերահաստատեց այն դիրքորոշումը, որ ունի Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին վերաբերեալ, որ նաեւ արձանագրուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ` Իրանի նախագահին եւ Փաշինեանի միջեւ: «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը մնայուն կերպով շեշտած է երկու կարեւոր կէտ. ասոնցմէ առաջինը այն է, որ շրջանի անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը պէտք է ապահովուին եւ պահպանուին շրջանի երկիրներուն միջոցով: Իսկ երկրորդը, որ Իրան ընդառաջ պիտի երթայ որեւէ քայլի, որ պիտի աջակցի շրջանի երկիրներու խաղաղութիւնը ապահովելուն: Եւ, բնականաբար, դէմ պիտի ըլլայ որեւէ այլ քայլի, որ պիտի խոչընդոտէ անվտանգութեան», ըսաւ ան:
Փուրմոհամմետի ըսաւ, որ հայ-իրանեան համագործակցութեան ծիրին մէջ ստեղծուած յանձնախումբերէն մէկը կը զբաղի ուժանիւթի ոլորտով: Աւելցուց, որ այդ ժողովին քննարկուած են ուժանիւթային ոլորտի համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները` կազ, վառելանիւթ, նոյնիսկ Հայաստանին երկարաժամկէտ ուժանիւթ ապահովելու հարցեր:
Նշենք, որ Իրանի փոխնախագահ Համիտ Փուրմոհամմետի 9 նոյեմբերին ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման գործընթացներուն, եւ անոնց իբրեւ արդիւնք ստեղծուող կարելիութիւններուն շուրջ միտքեր փոխանակուեցան: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան լրատուականէն:
Փաշինեան, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ողջունեց Իրանի փոխնախագահին այցելութիւնը եւ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Իրան միջկառավարական յանձնախումբի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը: «Երկու երկիրները յաջողութեամբ կ՛իրականացնեն համատեղ ծրագիրներ տարբեր ուղղութիւններով, որոնք կը նպաստեն երկկողմանի կապերու զարգացման ու ընդլայնման», նշեց ան:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Իրան սահմանային ենթակառուցուածքներու զարգացման, ճանապարհաշինական միացեալ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Փուրմոհամմետի Փաշինեանին փոխանցեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի ջերմ ողջոյնները եւ ընդգծեց Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Իրանի փոխնախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ: Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային կապակցուածութեան շարք մը հարցերու շուրջ եւ արձանագրեցին, որ կայունութեան ամրապնդումը, տնտեսական կապերու զարգացումն ու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծեն շրջանի երկիրներուն համար:
Գրիգորեան, ըստ հաղորդագրութեան, կարեւոր նկատեց «Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ քաղաքական վստահութիւնը, փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած տնտեսական օրակարգը եւ համագործակցութեան ընդլայնման ընդհանուր շահագրգռուածութիւնը, որոնք ամուր հիմք կը հանդիսանան երկկողմանի յարաբերութիւնները նոր` ռազմավարական մակարդակի բարձրացնելու համար»:
Հանդիպումին երկուստեք ընդգծուեցան Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման մեծ ներուժն ու վերջին տարիներուն արձանագրուած առեւտրաշրջանառութեան աճը:


