Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 175-ամեակին առիթով, կիրակի, 25 հոկտեմբերին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ այդ օր կը նշուի Գիւտ Խաչի տօնը, որ մեզ պատմութեան հետ հաղորդութեան մէջ դնող առիթ է: Սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ 4-րդ դարուն տեղի ունեցած դէպքը, թէ ինչպէ՛ս Հեղինէ թագուհին Հռոմէն ուխտի կ՛երթայ մինչեւ Երուսաղէմ, ուր պեղումներ կատարելով կը յայտնաբերէ Քրիստոսի խաչափայտը, որ մոռացութեան մէջ թաղուած էր, եւ զայն կը հաստատէ իր կողմէ կառուցուած Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:

Սրբազանը ըսաւ, որ պատմական այս եղելութիւնը այս եկեղեցւոյ մէջ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Ս. Նշան անունը չ՛ակնարկեր անձնաւորութեան մը, այլ` կ՛ակնարկէ խաչի նշանին, որ Աստուծոյ զօրութիւնն է, եւ որուն հաւատալով Հեղինէ թագուհին յանձն կ՛առնէ մինչեւ Երուսաղէմ երթալ, որպէսզի կարենայ քրիստոնեայ աշխարհին ապացուցել, որ խաչն ու խաչեցեալը իրողութիւն են,  հետեւաբար իր ուխտագնացութեան արարքով նոր խրախոյս եւ խանդավառութիւն կը յառաջացնէ ամբողջ քրիստոնեայ բազմութիւններու մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, թէ Գիւտ Խաչի տօնը նաեւ մեզ պատմական մեր անցեալին հետ շաղկապող առիթ է` աւելցնելով, որ մեզմէ քիչեր կ՛անդրադառնան, թէ հին ժամանակներէն սկսեալ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն հետիոտն ճամբայ ելլելով, Հեղինէ թագուհիին օրինակով, մեր ժողովուրդի զաւակներն ալ Երուսաղէմ կ՛ուղղուէին, որպէսզի Տիրոջ խաչափայտը շօշափելով իրենց կեանքին համար քաջութիւն եւ յոյս գտնեն: Սրբազանը ըսաւ, որ այդ ուխտաւորները կ՛անցնէին այս ճամբով եւ Ս. Նշանն ալ այդ ուխտաւորներուն կայարաններէն մէկն էր: Ան յայտնեց, որ այդ ուխտաւորներուն օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ուխտատեղիները պատահաբար մէջտեղ չեն գար, այլ անոնք կը կառուցուին դարաւոր հաւատքով եւ հաւատքի ճիգով, մաքուր մասնակցութեամբ, ինքնընծայումով, որպէսզի Տիրոջ զօրութեան հետքը հաստատուի մեր կեանքէն ներս եւ այդ զօրութեան նայելով մարդիկ կարողանան իրենց կեանքի ճամբան տեսնել:

Շահէ արք. Փանոսեան ըսաւ որ կ՛ապրինք արտասովոր կեանքի պայմաններու մէջ, հետեւաբար Գիւտ Խաչի տօնը  մեզ զգուշութեան կը հրաւիրէ` յիշեցնելով, որ հայ եկեղեցւոյ խունկէն ու մոմէն անջատուած` կը մաշինք եւ կը սպառինք, սակայն հայ եկեղեցիով մասնաւորապէս Տիրոջ խաչին զօրութեամբ անպայմանօրէն մեր ուշքը մթագնող ստուերները կը փարատին մեր կեանքէն, եւ մենք ալ մեր նախնիներու օրինակով կը տեսնենք այն ճամբան, ուրկէ պէտք է շարունակաբար քալենք: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ նաեւ, որ այս տօնը այս սրբարանէն ներս մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ջանքերով կառուցուած մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կառոյցները, կազմակերպութիւնները բոլորն ալ հաստատուած են հաւատքով եւ ակնկալութեամբ, որպէսզի անսպառ կամքի շունչը հաստատ մնայ մեր առօրեայէն ներս: Ան յորդորեց ներկաները խրախուսուելու եւ քաջալերուելու, որպէսզի այս պատգամը մեր տուներուն ու զաւակներուն տանելով գալիքին համար խրախոյս եւ ապաւէն ըլլայ:

Սրբազան հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որ առանց յոգնութեան իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն մէջ կը յարատեւեն, որպէսզի Ս. Նշանը իր նպատակին ծառայելով այստեղէն սրբութիւն տարածէ ու բաշխէ մեր կեանքին մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց` աղօթելու, որպէսզի մեր ժողովուրդը իսկապէս կարենայ իր դիմաց բացուող տեսակաւոր ճամբաներու մէջէն ընտրել այն ուղին, որ իր կեանքը հայադրոշմ եւ քրիստոնէավայել ընթացքի մէջ կը պահէ,  որպէսզի մեր ժողովուրդին դիմաց բացուին ժամանակներ, երբ մենք մեր վաստակով, հաւատքով, քրտինքով ու աղօթքով կարողանանք նոր ուխտավայրեր եւ սրբարաններ կանգնել:

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:

Յայտնենք, որ շաբաթ, 24 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին այս առիթով տեղի ունեցաւ քերմէս, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ «Վերածնունդ» նուագախումբին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբին, Համազգայինի «Տամիտոմ» տհոլահարներու համոյթին եւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ երիտասարդաց նուագախումբին:

Նախորդը

Քեսապն… Ու Հեղեղները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.