Թուրքիան Հարաւային Կովկասէն անցնող եւ շրջանը թրքական տարածքին կապող Միջին միջանցքը կը նկատէ մջազգային առեւտրական եւ փոխադրամիջոցային կապերու զարգացման առանցքային տարրերէն մէկը: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
Անոր համաձայն, փոխադրամիջոցային երթուղիներու բազմազանեցումը կը դառնայ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն, որովհետեւ կ՛արտօնէ ընդլայնել հասանելիութիւնը շուկաներուն եւ ամրապնդել մատակարարումներու համաշխարհային շղթաները:
Ֆիտան ընդգծած է, որ Թուրքիան իր աշխարհագրական դիրքը կը դիտարկէ ոչ միայն իբրեւ ցամաքամասերը միացնելու կարելիութիւն, այլ նաեւ իբրեւ ռազմավարական պատասխանատուութիւն:
Այս ներուժի իրականացման համար անհրաժեշտ են զարգացած ենթակառոյցներ, դիւանագիտական ջանքեր եւ փոխադրամիջոցային երթուղիներու անվտանգութեան բարձրացում:
Իբրեւ հեռանկարային յաւելեալ նախագիծ թուրք նախարարը նշած է ստեղծումը փոխադրամիջոցային երթուղիի, որ Արաբական ծոցը Իրաքի եւ Թուրքիոյ տարածքով պիտի կապէ Եւրոպային: Անգարան կը ձգտի նաեւ բազմազանեցնել ուժանիւթային երթուղիները եւ մատակարարման աղբիւրները:
Ֆիտանի համաձայն, նման նախագիծերը մաս են շրջանային կապերու աւելի լայն համակարգի մը, որ ընդունակ է ստեղծել նոր տնտեսական կարելիութիւններ եւ ամրապնդել քաղաքական համագործակցութիւնը:


