Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանի յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան Ռուսիան մեղադրած է 2020 թուականի աշնան ղարաբաղեան հակամարտութեան սուր փուլի ընթացքին անգործութեան մէջ, կ՛աղաւաղեն իրական դրութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Երէկ այսպէս կոչուած «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի ծիրին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու ժամանակ Ալեն Սիմոնեան ըսած է, թէ «2020 թուականին ինք հարիֆ էր» եւ «անիմաստ ինկած էր Ռուսիոյ ոտքերուն եւ օգնութիւն կը խնդրէր», որ անոնք կանգնեցնեն Ղարաբաղի մէջ պատերազմը:
«Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սիմոնեանը Մոսկուա ժամանելէ առաջ որոշած է յայտարարել, թէ իբրեւ թէ ռուսական կողմը ոչինչ ըրած է 2020 թուականի աշնան Ղարաբաղեան հակամարտութեան սուր փուլի ընթացքին: Խօսիլ Ռուսիոյ կողմէ չձեռնարկուած ինչ որ «գործնական քայլերու» մասին եւ միեւնոյն ժամանակ նսեմացնել ռուս խաղաղապահներու ջանքերն ու զոհողութիւնները` կը նշանակէ աղաւաղել ճշմարտութիւնը», երէկ լրագրողներուն ըսած է Զախարովա` մեկնաբանելով Սիմոնեանի խօսքերը, թէ 2020 թուականին ինք Մոսկուայի մէջ «հարիֆ-հարիֆ ինկած էր ռուսերուն ոտքերը` խնդրելով դադրեցնել պատերազմը»:
«Չենք գիտեր, թէ այդ ժամանակ որո՛ւն ոտքերուն կ՛իյնար, թերեւս մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ նոյնը ընել: Սակայն ինքնին Ռուսիան, եւ ուրիշ ոչ ոք, շրջանին մէջ արիւնահեղութիւնը կանգնեցուց», աւելցուցած է Զախարովան:
Ան յիշեցուցած է, որ 10 նոյեմբեր 2020-ի գիշերը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ազրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած փաստաթուղթով յայտարարուած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարի եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին, եւ անոնք ոչ թէ «վերացական քայլեր» էին, այլ որոշակի գործնական քայլեր, որոնց նախորդած էին բարձր մակարդակով բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ:
Անոր համաձան, ինքնին 2021-2022 թուականներուն բարձր մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու շարքի հիման վրայ հետագային մշակուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման «ճամբու քարտէսը», որ կը ներառէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակումը, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը եւ մարդասիրական հարցերու լուծումը:
Բացի ատկէ, Զախարովա յիշեցուցած է, որ հոկտեմբեր 2022 թուականին Փրակայի մէջ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ կայացած վեհաժողովի ընթացքին Փաշինեան Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած է Ազրպէյճանի տարածքի մաս:


