Շլոմօ Ռեզել երէկ առտու իսրայէլեան պատկերասփիւռի` Պենիամին Նեթանիահուի մօտիկ եղող 14-րդ կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց, թէ Եաշար կուսակցութեան ղեկավար Կատի Այզենքոթ օտար կողմերու հետ Լիբանանէն իսրայէլեան բանակի հեռացման շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ:
Եաշար կուսակցութիւնը հերքեց այդ տեղեկութիւնը` զայն նկատելով «բացարձակ սուտ, որ իրականութեան չի համապատասխաներ եւ երբեք տեղի չէ ունեցած»:
Կուսակցութիւնը պատկերասփիւռի կայանէն պահանջեց ջնջել այդ լուրը, ինչպէս նաեւ Ռեզելէն պահանջեց հրապարակաւ ներում հայցել:
Այզենքոթի կուսակցութիւնը պատկերասփիւռի կայանը ամբաստանեց «վախ սերմանելու, պառակտում յառաջացնելու եւ Իսրայէլի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու» փորձ կատարելու յանցանքով:


