Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 9, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսան եւ անոր հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները:

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միչիկըն Նահանգի Տիթրոյիթ քաղաքին մէջ Լիբանանի հիւպատոս Իպրահիմ Շարարան յայտարարեց անբաղձալի անձ` ընկերային ցանցերու վրայ 1983 թուականին Լիբանանի մէջ ամերիկացի նաւազներու վրայ յարձակումը գովաբանելուն համար:

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր. «Տիթրոյիթի մէջ Լիբանանի հիւպատոսը անբաղձալի անձ յայտարարուեցաւ, որովհետեւ մուտքի արտօնագիրը արտօնութիւն է եւ ոչ թէ իրաւունք, եւ Միացեալ Նահանգներ գտնուող իւրաքանչիւր անձ, որ կը գովաբանէ կամ կ՛արդարացնէ ահաբեկչական յարձակումները, մեր երկրին մէջ տեղ չունի»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Դեմոկրատական նոր մեծամասնութիւնը ներկայիս Լիբանանը իր առաջնահերթութիւններու շարքին չի դասեր, եւ անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աւելի պիտի նահանջէ բազմաթիւ պատճառներով, որոնց շարքին են Իսրայէլի նկատմամբ դեմոկրատական, ինչպէս նաեւ հանրապետական աջակցութիւնը, եւ Թրամփի պատճառած քաոսէն ետք երկրի իրավիճակին կարգաւորումով զբաղուածութիւնը»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Ներքին ջանքեր կը գործադրուին լիբանանեան բանակի եւ ապահովական մարմիններու միացեալ ուժերու տեղակայումը ապահովելու այն վայրերուն մէջ, ուր տեղակայուած է ՖԻՆԻՒԼ-ը: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հեռացումէն ետք լիբանանեան այդ ուժերը պիտի ստանձնեն այդ վայրերուն մէջ պատասխանատուութիւնը: Ըստ գնահատականներու, այս ծրագիրի իրականացումը պիտի պահանջէ աւելի քան 15000 յաւելեալ անձնակազմի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայում»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն փոխանցեցին, թէ Այզենքոթ իրենց ներկայացուցած է իր տեսլականը` յաղթանակ արձանագրելու պարագային Նեթանիահուի կառավարութեան պատերազմներու հարցին մէջ կիրարկած քաղաքականութենէն տարբերող մօտեցումի վերաբերեալ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի բռնագրաւման հարցին»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի Թեհրանէն ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, «կարգ մը միջնորդներ հարցուցած են, եթէ Իրան կ՛ուզէ, որ Լիբանանի մէջ իրանեան առանցքի ուժերը պատերազմին մասնակից դառնան, եթէ անիկա վերսկսի: Մինչ ոմանք կը սպասէին, որ իրանեան կողմը լուռ մնայ, սակայն պաշտօնատարները կ՛ըսեն. «Մենք կարիքը չունինք, որ ոեւէ մէկը մեզ պաշտպանէ»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «պատասխանատուներու խնդրանքով հաւանական յարձակումներու վախի պատճառով, յառաջիկայ օրերու եւ շաբաթներու ընթացքին ապահովական քայլերը պիտի ուժեղացուին զգայուն վայրերը պաշտպանելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլի հետ պատերազմին վերջ տալու, Հըզպալլան զինաթափելու եւ անոր ենթակառոյցը կազմաքանդելու հոլովոյթը խոչընդոտելու ուղղութեամբ աշխատող կողմերը կրնան իրենց դիրքորոշման հետեւանքները կրել: Ամերիկեան վարչակազմը մօտէն կը հետեւի լիբանանեան ուժերու դիրքորոշումներուն` իմանալու համար, թէ ո՛վ խաղաղութեան կը զօրակցի եւ ո՛վ անոր դէմ է»:

– ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իշխանութեան հետ կացութիւնը կը բարելաւուի, այն յոյսով, որ անոր դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւնը ներառէ այլ հարցեր` իշխանութեան եւ կուսակցութեան միջեւ յարաբերութեան կառավարման տարբեր մօտեցումներու պատճառով»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին` անդրադառնալով զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումին. «Մեծ տարակարծութեան նիւթ է, սակայն Պաապտայի պալատը աշխատանք կը տանի զայն խաղաղ կերպով լուծելու, եւ նախապէս բազմիցս այդ կեցուածքը յայտարարեց, որովհետեւ նախագահ Աուն նախանձնախնդիր է կայունութեան եւ ժրաջան աշխատանք կը տանի համաձայնութիւն գոյացնելու ու քաղաքական տարբեր ուժերու հետ ընդհանուր լեզու գտնելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Տահր Պայտարի թղթածրարի երեւան գալէն եւ անոր շուրջ երկարատեւ պառակտում յառաջանալու մտավախութիւններէն ետք, աշխատանք կը տանի կառավարութիւնը պառակտումէ պաշտպանելու եւ խուսափելու ծագումէն տարակարծութիւններու, որոնք կրնան անոր անդամալուծման յանգեցնել:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութեան կարգաւորումը չի նշանակեր, թէ զէնքի հարցին շուրջ տարակարծութիւնը լուծուեցաւ: Կուսակցութիւնը կ՛ուզէ իր զէնքը պահել առանց պետութեան հետ որեւէ բախումի մէջ մտնելու, այսինքն` լարուածութեան մեղմացումը պէտք է դուռը բանայ փոխըմբռնման` առանց խոչընդոտներու ստեղծման»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «արաբական պետութիւններու եւ մասնաւորաբար Արաբական ծոցի երկիրներու կողմէ Հըզպալլայի նկատմամբ դրական ցուցանիշերը երեւան եկան Քաթարի վարչապետին եւ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ, որուն ընթացքին խոր, անկեղծ եւ յստակ ձեւով քննարկուեցան տարբեր ներքին հարցեր»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «երեւան եկան շրջանային տուեալներ, որոնք կը մերժեն Հըզպալլայի մեկուսացումն ու շրջափակումը: Թուրքիան այդ ուղղուածութիւնը կը ղեկավարէ նկատելէն ետք իրանեան պնդումը, որ Իրանի հետ ամերիկեան որեւէ համաձայնութեան լիբանանեան թղթածրարն ու Հըզպալլայի դերակատարութիւնը կը ներառէ: Ծոցի եւ կարգ մը արաբական երկիրները ընդառաջած են Հըզպալլային հետ կապ հաստատելու Թուրքիոյ փափաքին»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Իրաքի նախագահը Սուրիա իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Շարհին անկեղծօրէն յայտնեց, որ եթէ սուրիական բանակին ու Հըզպալլայի միջեւ բախումներ սկսին, կարելի չէ երաշխաւորել, որ Իրաք-Սուրիա սահմանը անվտանգ պիտի մնայ, եւ Հըզպալլային աջակցող իրաքեան խմբաւորումներ ձեռնածալ պիտի մնան»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ հեղինակութիւն մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Օդակայանի ճամբուն վրայ սանձարձակութեան վերադարձին նկատմամբ զայրոյթ գոյութիւն ունի: Ինչպէ՞ս ներդրողները կրնանք համոզել Լիբանան գալու, եթէ հազիւ քանի մը օրուան տարբերութեամբ գողութեան երկու դէպքերու ընթացքին մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար տոլար կորսուեցաւ: Մենք գործ ունինք կազմակերպուած աւազակախումբերու հետ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Արեւմտեան Պեքայի մէջ մասնակի ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան, եւ այդ առնչութեամբ ամբողջ խօսակցութիւնը պարզապէս ժամանակաւոր իրարանցում է, որ պիտի աւարտի նախորդներուն նման, երբ հասարակական կարծիքը այլ խնդիրի ուղղութեամբ շեղի»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Վարչապետարանը բարձր գնահատեց «Ալֆա» ընկերութեան ներկայացուցած առաջարկը, մասնաւորաբար այն բաժինը, որ կը վերաբերի ամբողջական թուային ծառայութիւններու մեկնարկման եւ «5Ճի»-ին` հասնելով մեկնարկումին «Սթարլինք» համացանցային ծառայութեան, որ «Ալֆա»-ն արդէն կ՛ապահովէ աւելի քան 100 ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Լիբանանցի գերի Հուսէյն Ալի Շարիֆը, պաղեստինցի բանտարկեալի մը կնկան վկայութեան համաձայն, հոկտեմբեր 2024-էն ի վեր կը պահուի Իսրայէլեան Ռամլէ բանտի «Ռաքիֆթ» բաժինին մէջ, գետնին տակ երրորդ յարկը»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով լիբանանեան բանակէն չորս սպաներու հարցաքննութեան երկար օրէն ետք, դատաւոր Սաապ բացառապէս այդ սպաներուն վերաբերող ամբողջական զեկուցում կամ յաւելուած մը պիտի ներկայացնէ»:

 

 

Նախորդը

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.