ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ յաջորդ շաբաթ որոշում տալ Հայաստանը կազմակերպութեան մէջ ձայնի իրաւունքէն զրկելու: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքին:
«Հայաստան երկու տարիէ աւելի է, որ չէ վճարած իր անդամավճարները, ուստի լիովին կարելի է, որ հարցը վերատեսութեան ենթարկուի եւ որոշում տրուի ժամանակաւորապէս կասեցնելու անոր անդամակցութիւնը, կամ, աւելի ճշգրիտ, զայն զրկելու քուէարկութեան իրաւունքէն, մինչեւ անդամավճարներու վճարումը: Ասիկա զուտ թեքնիք հարց է, որ նախատեսուած է կանոնադրութեամբ, անոր որոշակի յօդուածով: Այնպէս որ, ատիկա հաւանական արդիւնք է, սակայն կախեալ է նախագահի որոշումէն», ըսած է ան:
Փանքին յիշեցուցած է, որ Ռուսիան կը նախագահէ ՀԱՊԿ-ին եւ պատասխանատու է ամբողջ օրակարգին համար: «Պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-ի վեհաժողով, որուն պիտի նախորդէ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու եռակողմ հանդիպումը: Հայկական հարցը թերեւս կարեւորագոյնը չէ, սակայն կրնայ ամէնէն հետաքրքրականը ըլլալ հանրութեան համար, որովհետեւ ՀԱՊԿ-ն համագործակցութեան, համատեղ խնդիրներու եւ նպատակներու մասին է», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխնախարարը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այս հարցը պիտի քննարկուի՞ յաջորդ շաբթուան միջոցառումներուն ժամանակ, Փանքին նշած է. «Հաւանաբար, այո, անիկա կրնայ քննարկուիլ, սակայն ամէն ինչ կախեալ է անկէ, թէ արդեօք միւս բոլորը համաձա՞յն են զայն քննարկելու, թէ՞ ոչ: Կը կարծեմ` անիկա պիտի քննարկուի»:


