Արաբական միացեալ ցուցակ կուսակցութիւնը, որ Իսրայէլի արաբական գլխաւոր խմբաւորումներէն մէկն է, յայտարարեց, թէ Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մրցակից Կատի Այզենքոթի թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ վարչապետի պաշտօնին եւ յառաջիկայ կառավարութիւնը կազմելու համար:
Արաբական միացեալ ցուցակ կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ որոշած է կառավարութեան կազմութեան պարտականութեան ստանձնման համար Կատի Այզենքոթի թեկնածութիւնը առաջադրել:
Կուսակցութիւնը այս յայտարարութիւնը կատարեց հանդիպումէն առաջ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի հետ, որ Քնեսեթի մէջ ներկայացուած տարբեր քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ կը կատարէ:


