Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 5 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» պանդոկի սրահին մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը` մասնակցութեամբ միութեան 24 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններէն 41 ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչական պատասխանատուներու եւ իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 13 անդամներու, ընդամէնը` 60 մասնակիցներ:

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կատարողութեամբ: Ապա, խորհրդաժողովին բացումը կատարելով` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Յարութիւն եւ Լենա Սողոմոնեաններ, Զոհրապ եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ եւ Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ ի յիշատակ իրենց եղբօր` ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանին, 300 հազար ամ. տոլար կը նուիրեն ՀՄԸՄ-ին` հիմը դնելով «Հրայր Սողոմոնեան եկամտաբեր ֆոնտ»-ին (Endowment Fund), որուն տարեկան հասոյթին երկու երրորդը, նուիրատուներուն փափաքով, պիտի տրամադրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ծրագիրներուն, իսկ մէկ երրորդը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի աշխատանքներուն:

Ծանօթ է, որ Հրայր Սողոմոնեան (1948-2020) մանկութեան եղած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Դ. շրջանի` Հայաշէնի սկաուտ: Հետագային, ան յաճախ նեցուկ կանգնած է ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն: 2018-ին, 50 հազար տոլարի նուիրատուութեամբ, ան հանդիսացած է միութեան 100-ամեակի գլխաւոր կնքահայրներէն մէկը, որ արժանացած է յատուկ գնահատանքի:

Խորհրդաժողովին Աշխատանքները

Երկու օրուան վրայ երկարող խորհրդաժողովին առաջին նիստերուն զեկուցումներ ներկայացուեցան` ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքը բաղկացնող շրջաններու վերջին երկու տարուան գործունէութեան մասին: Զեկուցումները ընդգրկեցին շրջաններու գլխաւոր իրագործումներ եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներ` մարդուժի եւ նիւթականի դժուարութիւններ, հայերէնախօսութեան նահանջ, խառն ամուսնութիւններու արդիւնքով նորահաս սերունդի ինքնութեան խնդիրներ, ակումբներու եւ մարզական տարածքներու անբաւարարութիւն եւ այլն:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները փաուըր փոյնթերով տեղեկատուութիւն ներկայացուցին միութեան վերջին շրջանի գլխաւոր իրագործումներուն մասին: Այսպէս, խորհրդաժողովին մասնակիցները զեկուցումներ լսեցին միութեան սկաուտական, մարզական, քարոզչական, երիտասարդական, «Արցախ հիմնադրամ»-ի, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի եւ կազմակերպական կեանքի մասին: Զեկուցումներուն յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներու եւ պատասխաններու բաժիններ:

Խորհրդաժողովը ուրբաթ, 6 նոյեմբերին իր աշխատանքները կը շարունակէ մասնագիտական աշխատանիստերով եւ քննարկումներու յատկացուած նիստերով: Խորհրդաժողովին մասնակիցները կ՛այցելեն Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք կը մատուցեն Արցախեան պատերազմներու նահատակ հերոսներուն:

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Նախորդը

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.