Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 19-21 հոկտեմբեր 2026-ին տեղի ունեցաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին:
Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի վանահայր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան:
Գիտաժողովին մասնակցեցան Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն ժամանած հոգեւորականներ ու մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկոյցներով եւ գիտական ուսումնասիրութիւններով կարեւոր ներդրում ունեցան գիտաժողովի աշխատանքներուն մէջ:
«Աստուածաշունչ» մատեանի լուսատիպ հրատարակութեան շնորհահանդէս
Գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման օրը Մխիթարեան միաբանութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայր Արսէն Բագրատունիի Աստուածաշունչ մատեանի լուսատիպ հրատարակութեան շնորհահահանդէսը, զոր հրատարակած է Մխիթարեան միաբանութիւնը, համագործակցութեամբ դոկտ. Սարգիս Մելքոնեանի: Սոյն լուսատիպ հրատարակութիւնը լաւագոյն քննական բնագիրներէն մէկն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 1860 թուականին:
Աստուածաշունչ մատեանի տպագրութեան մեկենասն է Ռուսլան Բաղդասարեան, իսկ հրատարակութեան աջակցած է «Վերականգնման, յառաջընթացի եւ լուսաւորութեան բարեգործական հիմնադրամ»-ը: Տպագրիչն է Արմէն Հայրապետեան:
Այս ոսկեղենիկ բնագրին վերահրատարակութիւնը կը շարունակէ 2024 թուականի հոկտեմբեր 31-էն նոյեմբեր 3 Մխիթարեան կաճառին կողմէ կազմակերպուած «Աստուածաշունչ Հայկազեան» միջազգային գիտաժողովին յաջորդած գործնական աշխատանքները` նոր առիթ ընծայելով հայ աստուածաշնչական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ արժեւորման:
Գիտական զեկուցումներ եւ քննարկումներ
Զեկուցումներու լիագումար բանախօսութիւնը` Lectio Magistralis, կատարեց Լեւոն արք. Զէքիեան: Ան ներկայացուց «Մխիթար Սեբաստացի»-ն: Գիտաժողովին զեկուցող մասնագէտներու շարքին էին` Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, Գէորգ վրդ. Սարգիսեան, Պսակ վրդ. Թէփիրճեան, Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, Քրիստիան Վինտլեր, Չեզարէ Սանթուս, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Փաուլօ Լուքքա, Արման Մալոյեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Ալպերթօ Փերատոներ, Գառնիկ Ա. Յարութիւնեան, Ալեսսանտրօ Օրենկօ, Մանէ Ղեւոնդեան եւ Մայա Գրիգորեան:
Գիտաժողովի տեսական բաժնի աւարտին տեղի ունեցան գործնական քննարկումներ` ներկայացուած նիւթերուն շուրջ: Քննարկումները կեդրոնացան Մխիթար Սեբաստացիի եկեղեցական, քաղաքական, կանոնական եւ պատմական միջավայրին, ինչպէս նաեւ անոր ապրած ժամանակաշրջանին վերաբերող հարցերուն:
Գիտաժողովը կարեւոր առիթ մը հանդիսացաւ` վերարժեւորելու Մխիթար Աբբահօր ժառանգութիւնը, խորացնելու անոր գործունէութեան վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւնները եւ ամրապնդելու հայագիտական ու աստուածաշնչական հետազօտութիւններու միջազգային համագործակցութիւնը:
Գիտաժողովին վերաբերող յաւելեալ տեղեկութիւններուն եւ հրապարակումներուն կարելի է հետեւիլ Մխիթարեան մայրավանք Սուրբ Ղազար https://www.facebook.com/SanLazzaroMekhitaristIsland/videos/1185418634439856 Դիմատետրի էջին վրայ:






