«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութենէն ետք ընդդիմադիր շարք մը ուժերու ներկայացուցիչներ ընդլայնուած հանդիպում ունեցան:
Հանդիպումը ընթացաւ Սամուէլ Կարապետեանի առանձնատան մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչները, մասնաւորապէս, պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեանն ու Իշխան Սաղաթէլեանը, Հայ ազգային քոնկրեսի փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութենէն Իվեթա Տօնոյեանն ու Արման Աբովեանը, «Հայաքուէի» ղեկավար Աւետիք Չալաբեանը եւ այլ ընդդիմադիրներ:
Բացումը կատարելով հանդիպումին` «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան ըսաւ. «Մենք գիտենք, որ հայկական քաղաքական դաշտը միշտ շատ բարդ կը միաւորուի, բայց այսօր առերեսուելով մեր երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու բարդութեան, քանի մը կէտի շուրջ պէտք է ունենանք վերջնական դիրքորոշում, որպէսզի կարողանանք ազդու կերպով պայքարիլ մեզի պարտադրուող զիջումներուն դէմ: Եկէք սկսինք քննարկումը եւ մեր հանրութեան ներկայացնենք ընդհանուր մօտեցում այն կէտերուն շուրջ, որոնք առանցքային պիտի ըլլան մեր հետագայ պայքարին համար, որուն շուրջ բոլորս համակարծիք ենք»:
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութիւնը կապուած է նոր Սահմանադրութեան շուրջ ընդդիմութեան կարծր դիրքորոշումին հետ:


