Միացեալ Նահանգներու Իրանի օրինական իրաւունքներուն եւ պահանջներուն արձագանգը համոզիչ չէր: Այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Մոհսեն Ռեզայի:
«Միացեալ Նահանգները պէտք է լիովին եւ ամբողջական կերպով արձագանգեն Իրանի եօթը պայմաններուն եւ զանոնք կատարեն: Միայն այդ պարագային Հորմուզի նեղուցը պիտի վերաբացուի», նշած է Ռեզայի:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ չորս քարիւղատար նաւեր պայթած են Թեհրանի հաստատած կանոնակարգը խախտելով Հորմուզի նեղուցի հարաւային երթուղիով անցնելու ընթացքին ականներու բախելով:
Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պայթումէն ետք նաւերուն վրայ հրդեհ բռնկած է:
Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի զինեալ ուժերը գրաւած են եւս երկու քարիւղատար` նեղուցէն առանց արտօնութեան անցնելու ընթացքին:
Կը նշուի նաեւ, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ուժերը վար առած են նեղուցի վրայէն թռչող ամերիկեան «Էմ.Քիու-9» հետախուզական եւ յարձակողական անօդաչու թռչող սարք մը:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ տակաւին չի ծրագրեր Իրանին նոր հարուածներ հասցնել, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային ատոր պատրաստ է:
Ըստ օրաթերթին, ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգները յառաջիկային Իրանին հարուածներ հասցնելու ծրագիրներ չունի, եւ հերքած է այն լուրերը, թէ ինք միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք կը պատրաստուի Իրանի հետ հակամարտութեան մագլցումի:
«Կարծես թէ մենք կը ստանանք այն ամէնը, ինչ որ կ՛ուզենք», նշած է ան:
Անոր համաձայն, Իրանի հետ հարստացուած իւրանիոմի պաշարներու ճակատագիրին շուրջ անուղղակի բանակցութիւնները կը շարունակուին:
«Հակառակ այն հանգամանքին, որ անիկա կը գտնուի հարիւրաւոր թոն քարի տակ, ես պիտի ըսէի, որ ուրախ չեմ, որ անիկա այնտեղ է: Այնպէս որ, ատիկա այն հարցերէն մէկն է, որուն շուրջ մենք անոնց հետ կը խօսինք», յայտնած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Մենք բանակցութիւններ կը վարենք եւ տեսնենք, թէ ինչ կը ստացուի», աւելցուցած է Թրամփ:


