Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 5, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստի այսօր պիտի ուղղուի Քաթար` շարունակելու համար ուժանիւթի թղթածրարին եւ քաթարեան առաջարկին վերաբերեալ բանակցութիւնները, եւ նախարարաց խորհուրդի նիստին ներկայ պիտի չըլլայ:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները «Ժատիտ»-ին յայտնած են, որ  կուսակցութեան նախարարներուն նախարարաց խորհուրդի այսօրուան նիստին մասնակցութեան հարցը տակաւին կ՛ուսումնասիրուի` նշելով, որ ուժանիւթի նախարարը կը նախընտրէ կառավարութեան նիստերու մասնակցութեան որոշումը տալէ առաջ քաթարեան կողմին հետ բանակցութիւնները շարունակել եւ ելեկտրականութեան վերաբերեալ ծրագիրի մշակումը աւարտել:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Իրաքի վարչապետը 18 նոյեմբերին Լիբանան պիտի այցելէ:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Արեւմուտքցի դիւանագէտ մը զգուշացուց, թէ Լիբանանի յառաջիկայ փուլը դիմակայելու կարողութիւնը մեծ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ իր թղթածրարով միջազգային հետաքրքրութեան նահանջին տոկալու պատրաստութենէն, մինչ շրջանային ու միջազգային բազմաթիւ ճգնաժամեր կան, եւ այլ առաջնահերթութիւններ իր հաշուոյն առաջնակարգ դիրք կը գրաւեն»:

. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ աղբիւր մը «Նահար» օրաթերթին. «Յառաջիկայ ամսուան աւարտին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացման եւ զանոնք փոխարինող ուժի ստեղծման որեւէ միջազգային լուրջ նախաձեռնութեան բացակայութեան լոյսին տան, հարաւային Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի իսրայէլեան բանակին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ ուղղակի բախում»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը ներկայիս սահմանափակուած է մարդասիրական կարաւաններուն մինչեւ Ռմէյշ եւ Տպըլ ընկերակցելով, բանակին հետ բռնագրաւումի տակ չեղող շրջաններուն մէջ միացեալ պարեկութիւն ու բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ իրենց յատուկ առաքելութիւնները կատարելով»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Դամասկոս Պէյրութէն կը խնդրէ ամրապնդել անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը` սահմանը վերահսկելու եւ Սուրիոյ տարածքին մէջ Հըզպալլայի իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու կարողութիւնը սահմանափակելու համար:

«Լիբանանի ներքին գործոց նախարարի նախարարական պատուիրակութեան կազմին հետ Սուրիա այցելութեան չեղեալ նկատուիլը եւ անոր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպման բացակայութիւնը տեղի ունեցած է խնդրանքովը Դամասկոսի, որ կը պնդէ Հըզպալլայի հարցը դնել բանակցութիւններու օրակարգին գլխուն` զայն նկատելով Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու նկատմամբ իր մօտեցման առաջնահերթութիւնը»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Քաթարի վարչապետին անցեալ ամսուան կիսուն Լիբանան այցելութիւնը որակական քայլ էր Տոհայի Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին նկատմամբ հետաքրքրութեան աճին մէջ եւ կարեւոր փուլ Լիբանանին աջակցելու Քաթարի ջանքերը խթանելու եւ ամրապնդելու գործին մէջ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քանատա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակից Անիթա Անանտի եւ քանատացի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Ելեկտրականութեան ընկերութեան վարչական խորհուրդը կը սպասէ պաղեստինեան գաղթականներու պատասխանատու պաղեստինեան խմբաւորումներու հետ հանդիպումի թուականի ճշդման` պահանջելու համար ընկերութեան իրենց ունեցած շուրջ 70 միլիոն տոլարի հասնող պարտքերու վճարումը: Հանդիպումէն ետք վճարման համար պիտի տրուի 20 օրուան պայմանաժամ:

«Գաղթակայաններու բնակիչները կը վճարեն ելեկտրականութեան սեփական շարժակներու հաշիւները եւ չեն ճանչնար Ելեկտրականութեան ընկերութեան հաշիւները», կը գրէ «Լեպանոն Ֆայլզ»:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի տեղեկութեան, ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ պետական հաստատութիւններու եւ վարչութիւններու դէմ արշաւի հետեւանքները կը տարածուին ուժանիւթի ոլորտէն անդին` սկսելով դրսեւորուիլ նաեւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ:

«Կան մտահոգութիւններ, որ ազդեցութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ` ներառելով այլ պաշտօնական գերատեսչութիւններ եւ կառոյցներ: Տուեալները ցոյց կու տան, որ այս արշաւի հետեւանքները կրնան դուռ բանալ պետական ծառայութիւններու գործունէութեան հետագայ խնդիրներու համար, որովհետեւ ծառայութիւններու մատուցման հետ կապուած վէճերը կը տարածուին այլ կենսական կարեւորութիւն ունեցող ոլորտներու մէջ», կը գրէ «Լեպանոն Ֆայլզ»:

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմենի Մրցանիշը. Քարլ Կը Փայլի Պայերնի Հետ

Յաջորդը

«Ուժանիւթի Նախարարութիւնն Ու Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Պետութեան Ու Իրաքին 22 Միլիառ Տոլար Պարտք Չե՞ն» Հարց Կու Տայ Քապալան

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.