«Չեմփիընզ լիկ»-ը վերադարձաւ, եւ 4-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումներուն մեծ թիւով հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան:
Վերջին երկու տարիներու տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն Սպանիոյ մէջ կը մրցէր Վիարէալի դաշտին վրայ, որ իր նախկին մրցումներէն միայն մէկը կրցած էր յաղթել (3-1 արդիւնքով Նափոլիին):
Մինչեւ 16-րդ վայրկեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 4 յաջորդական կոլեր նշանակած էր մրցանիշ մը հաստատելով: Աւելի ճիշդ ըլլալու համար Փարիզ Սեն Ժերմեն 16 վայրկեան եւ 2 երկվայրկեանի պէտք ունեցաւ «դեղին սուզանաւ»-ին դէմ 4 կոլ նշանակելու:
Ժոաօ Նեւեշ, Տեզիրէ Տուէ, Սեննի Մայուլու եւ Ֆապիան Ռուիս հաստատեցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս մրցանիշը:
Մրցումը ի վերջոյ վերջ գտաւ 6-0 արդիւնքով, ուր Ռուիս եւ Տաւիտ Պոլի Բ. կիսախաղին աւելցուցին 2 այլ կոլեր:
Մանչեսթըր Եունայթըտ 9 մրցումներու պէտք ունեցաւ վերադառնալու յաղթանակներու շարքին, երբ Օլտ Թրաֆորտի մէջ 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 3 կոլ նշանակել Ռոմայի դէմ:
Մաթիաս Սուլէ եւ Տոնել Մալեն նշանակեցին Ռոմայի կոլերը` 11-րդ եւ 17-րդ վայրկեաններուն:
Բ. կիսախաղին պրազիլցի Մաթէուս Քունիա փենալթի մը «շահեցաւ», որ կոլի վերածեց Պրունօ Ֆեռնանտեշ, ապա վերջին 7 վայրկեաններուն նոյնինքն Քունիա 2 կոլ աւելցուց` «Կարմիր սատանաներ»-ուն յաղթանակը կերտելով: Անցեալ 10 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Սապահին յաղթելէ ետք (4-0), Եունայթըտ չէր կրցած յաղթել մինչեւ երեքշաբթի գիշեր, պարտուելով Աթլեթիքօ Մատրիտի (2-0) եւ Քոմոյի (4-1) դէմ մրցումներուն:
Պայերն Միւնիխ դժուար մրցում մը ունէր Մատրիտի մէջ, Աթլեթիքոյին դէմ: Առանց մարզիչի եւ Լուիս Տիասի, Սերժ Կնապրիի, Ժամալ Մուսիալայի ու Իսմայիլ Սայպարիի Պայերն կրցաւ զսպել Աթլեթիքոյի յարձակումները եւ Բ. կիսախաղին 2 կարեւոր կոլ նշանակել: Լենարտ Քարլ կրցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան մէջ մտնել դառնալով 4-րդ ամէնէն երիտասարդ խաղցողը, որ 5 կոլ կը նշանակէ 18 տարեկան եւ 245 օր ետք: Ան Լամին Եամալին, Քիլիան Էմպափէին եւ Ռաուլ Կոնզալեսին միացաւ:
Երկրորդ կոլը նշանակեց աւստրիացի Քոնրատ Լայմեր, որ անզսպելի հարուածով գրաւեց Եան Օպլաքի բերդը, Հերի Քէյնի փոխանցումէն ետք: Քէյն չկրցաւ հաւասարիլ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մրցանիշին` յաջորդական 11-րդ կոլը նշանակելով 11 մրցումներու ընթացքին:
Տորթմունտի հետ հաւասարութենէն ետք (2-2), «Տեր Քլասիքեր»-ի մրցումին, Պայերն կրցաւ օգտուիլ Օլիսէի եւ բերդապահ Մանուէլ Նոյըրի վերադարձէն` յաղթելով Սպանիոյ մէջ:
Ինթեր Միլան, որ շաբաթավերջին պարտուած էր «Միլանի տերպիին» (3-1), ինքզինք գտաւ եւ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆեյենուրտ Ռոթերտամը` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Եան Պիսեք, Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթօ եւ Փիոթր Զիլինսքի նշանակեցին Ինթերի 3 կոլերը:
3-0 արդիւնքով յաղթեց նաեւ Պարսելոնա, որ կը մրցէր Ասթոն Վիլայի դէմ: Տեղատարափ անձրեւ կար Պարսելոնայի դաշտը, ուր Անգլիոյ իշխան Ուիլիամ եւ իր զաւակը` Ճորճ (13 տարեկան), ներկայ էին դիտելու իրենց նախասիրած ակումբը` Ասթոն Վիլան:
Ֆութպոլի այժմու իշխաններէն Լամին Եամալ 7-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսայի առաջին կոլը, մինչ պրազիլցի Ռաֆինիա նշանակեց 2 կոլ` Բ. կիսախաղին: 70-րդ վայրկեանին Պայերն Միւնիխի նախկին միջնապահ Լիոն Կորեսցքայի գլխու հարուածը զսպեց… Պարսելոնայի բերդին սիւնը, եւ Վիլան ոսկի առիթ կորսնցուց կոլով մը պատասխանելու:
Սփորթինկ Լիզպոն 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շախթիոր Տոնեցքի դէմ մրցումէն, մինչ Կալաթասարայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Շթութկարթին: Լասք 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սլովան Պրաթիսլաւան:
Միակ մրցումը, որմէ կը բացակայէին կոլեր, Պոտօ Կլիմթ-Լիլ մրցումն էր:


