Ազրպէյճանի Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէ կը շարունակէ յառաջ մղել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի օրակարգը` խօսելով Հայաստանի տարածքին նկատմամբ յաւակնութիւններու մասին:
«Իրեւանի (Երեւանի, «Ա.») կազիաթի (իսլամական կրօնական-վարչական կառոյց) գործունէութեան վերականգնումը դարձած է պատմական անհրաժեշտութիւն եւ ժամանակի պահանջ», յայտարարած է Փաշազատէ` «Իրեւանի կազիութեան պատմութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսի ժամանակ:
Ան նշած է, որ գիրքի հրատարակութեան նպատակներէն մէկն է միջազգային հասարակութեան «Արեւմտեան Ազրպէյճանի իրողութիւնները» ներկայացնելը եւ հայրենակիցներու կրօնական ու հոգեւոր իրաւունքներու վերականգնումը:


