«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թենիսի Քուինզ Քլապ միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, իրաւարար Էնտրու Մաքտուկալի ոտքին զարկած ըլլալուն համար տասը հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Ատկէ բացի, անկէ խլուեցան մէկ շաբթուան անոր շահած կէտերը:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ շատ հաւանաբար անոր դէմ այլ պատիժներ ալ տնօրինուին:
Թէեւ Նալպանտեան 7 – 6 եւ 3 – 3 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը` Մարին Սիլիչը, սակայն յաղթանակը շնորհուեցաւ խրուաթ մարզիկին` նկատի ունենալով, որ ան ոչ մարզավայել կեցուածք ունեցաւ, որուն պատճառով իրաւարարին ոտքը արիւնեցաւ:
Իր այդ արարքը կատարելէ շատ չանցած, Նալպանտեան ըսաւ. «Գիտեմ, որ կատարածս հարիւր առ հարիւր սխալ էր: Իսկապէս, ներողամիտ կ՛ուզեմ ըլլալ իրաւարարին: Սակայն շատ յաճախ կ՛ըլլան պահեր, երբ ջղային ըլլալով չես կրնար տիրապետել դուն քեզի»:


