Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ընդհանուր հետախուզական ծառայութիւնը, ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ գործակցաբար, մանրակրկիտ հետապնդումէ ետք, ձախողութեան մատնեց Հոմսի զտարանը թիրախաւորող ահաբեկչական ծրագիր մը, որուն ետին կը կանգնէր Հըզպալլային պատկանող բջիջ մը»:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ մեղսակից բջիջի անդամները ձերբակալուած են, իսկ անոնց մօտ գտնուող ականները` գրաւուած:
«Այս գործողութիւնը ահաբեկչական բջիջները հետապնդելու, անոնց ծրագիրները ձախողութեան մատնելու եւ երկրին կենսական ենթակառոյցներն ու տնտեսական կարողականութիւնը պաշտպանելու ապահովական մարմիններու ջանքերուն ծիրին մէջ էր», նշեց Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը:


