Մարոքի մէջ տեղի կ՛ունենայ պարմանուհիներու (17 տարեկանէն վար) 9-րդ Մոնտիալը:
Այսօր տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները, ուր Ճափոն պիտի մրցի վերջին երկու Մոնտիալներու ախոյեան Հիւսիսային Քորէայի դէմ, իսկ Պրազիլ` Նիկերիոյ դէմ:
Քառորդ աւարտականին Ճափոն 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Կանան, մինչ Հիւսիսային Քորէա` Միացեալ Նահանգները` 3-0 արդիւնքով:
Պրազիլ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր Չինաստանը, իսկ Նիկերիա վերջին վայրկեաններուն յաղթանակը խլած էր Վենեզուելայէն (0-1):
Ճափոն միայն 1 կոլ ստացած է մինչեւ այսօրուան մրցումը, մինչ եւրոպական խումբեր 1/8-րդ հանգրուանէն իսկ դուրս մնացած էին: Երկու անգամ ախոյեան Սպանիա (2018 եւ 2022) 2-1 արդիւնքով պարտուած էր Միացեալ Նահանգներէն, 2012-ի ախոյեան Ֆրանսա փենալթիներով պարտուած էր Չինաստանէն, Գերմանիա 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Վենեզուելայէն, իսկ Լեհաստան փենալթիներով դուրս մնացած էր Պրազիլի դէմ (8-7) մրցումին:
2008-ին սկսած պարմանուհիներու Մոնտիալի տիտղոսակիր դարձած է 4 անգամ Հիւսիսային Քորէա, 1 անգամ Հարաւային Քորէա (2010), 1 անգամ Ճափոն (2014) եւ Ֆրանսա (2012), մինչ Սպանիա, ինչպէս նշեցինք, 2 տիտղոս ունի (2018 եւ 2022):


