ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ հանրաքուէ-ընտրութիւններ կազմակերպելու առաջադրանքով Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին կողմէ միջազգային յանձնախումբ մը կազմուած էր:
Յանձնախումբը Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի նախագահին ներկայացուց Սանճագի մէջ տեղի ունենալիք հանրաքուէ-ընտրութիւններուն վերաբերեալ իր մշակած կանոնագրութիւնը եւ առաջարկեց երկրորդ աստիճանի քուէարկութիւնը կատարել 1938 մարտ 28-ին եւ ապրիլ 12-ին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռիւշտիւ Արաս 15 դեկտեմբեր 1937-ին բողոքի հեռագիր ուղարկեց Ժընեւ` Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին, յայտնելով որ ընտրական կանոնագրութիւնը չէ ենթարկուած իր կառավարութեան հաստատման:
Յանձնախումբին կազմած կանոնագրութեան համաձայն, Սանճագի մէջ փոքրամասնութիւն կազմող թուրք համայնքը չէր կրնար ընտրուելիք խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալ:
Ֆրանսա Թուրքիոյ ճնշումներուն առջեւ տեղի տուաւ եւ 28 յունուար 1938-ին Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի հարիւրերորդ նստաշրջանը հրաւիրուեցաւ: Թուրքիոյ պահանջներուն գոհացում տալով, ընտրական կանոնագրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ այնպէս, որ ընտրողին իրաւունք կը տրուէր գրանցուիլ որեւէ համայնքի ցուցակին վրայ, այսինքն` գրանցուիլ «թուրք» համայնքի ցուցակին վրայ:
Ընտրութեանց հսկելու համար նշանակուած յանձնախումբը Սանճագ ուղարկուեցաւ:
***
Սանճագի փոխ պատուիրակ Ռոժէ Կառօ, սուրիացի նահանգապետ Հիւսնի Պարազիի պաշտօնէն հեռացուելէն ետք, կը մնար շրջանին օրինական միակ ներկայացուցիչը: Ան անաչառ եւ անկողմնակալ վերաբերում ունէր բոլոր կողմերուն նկատմամբ, կը ջանար իր կարելիութեան սահմանին մէջ դէմ դնել Սանճագը Թուրքիոյ յանձնելու քայլերուն եւ գահավէժ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահել:
Սանճագի իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբներն ու հայերը, նկատի ունենալով օրըստօրէ աւելի անմիջական դարձող սպառնալից ու վտանգաւոր իրավիճակը, որոշեցին համագործակցիլ եւ միասնական ճակատով պայքարիլ: Որոշուեցաւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով աշխատիլ, որպէսզի Սանճագէն դուրս բնակող բոլոր սանճագցիները մասնակցին ընտրութիւններուն:
Արդարեւ, հայ եւ արաբ հազարաւոր սանճագցիներ բնակութիւն հաստատած էին Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու տարբեր քաղաքներու մէջ: Անհրաժեշտ էր անոնց մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն, մանաւանդ որ Թուրքիայէն կազմակերպուած ձեւով հազարաւոր թուրքեր ապօրինաբար Սանճագ մտած էին, ընտրութեանց արդիւնքը յօգուտ Թուրքիոյ ապահովելու համար: 1938 մայիսի տուեալներով, Թուրքիայէն ղրկուած այդ «ընտրող»-ներուն թիւը հասած էր շուրջ 25 հազարի:
***

Հայկական քաղաքական կուսակցութիւնները, եկեղեցական իշխանութիւնները` Անտիոքի թեմի առաջնորդ Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ հայրենակցական միութիւնները եւ Քեսապի ու Մուսա Լերան գիւղերու հեղինակութիւն ունեցող դէմքերը եռանդուն աշխատանքի լծուեցան:
Հալէպէն, Դամասկոսէն, Պէյրութէն դէպի Լաթաքիա, Անտիոք եւ Ալեքսանտրէթ երթուղիին վրայ աշխատող հայ վարորդները անվճար գործի լծուեցան, դուրսը բնակող սանճագցիները ընտրութիւններէն առաջ իրենց ծննդավայրերը տեղափոխելու համար: Այսպիսով շուրջ երկու հազար սանճագցի հայեր, գլխաւորաբար` քեսապցիներ եւ մուսալեռցիներ, Հալէպէն, Դամասկոսէն եւ Պէյրութէն իրենց ծննդավայրերը վերադարձան:
Նոյն օրերուն շուրջ երեք հազար դուրսը բնակող սանճագցի արաբներ վերադարձան իրենց ծննդավայրերը:
***
Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ հանրաքուէ-ընտրութիւնները սկսան 3 մայիս 1938-ին:
Ընտրական ցուցակներու գրանցումը հանրաքուէ էր, այն հիմամբ որ ընտրողները պիտի յստակացնէին Սանճագը Սուրիոյ պետութեան կազմին մէջ պահելու կամ Թուրքիոյ յանձնելու իրենց դիրքորոշումը: Այսինքն Սանճագի խորհրդարանին մէջ եթէ թուրք երեսփոխանները մեծամասնութիւն ձեռք բերէին, ատիկա պիտի նշանակէր շրջանին կցումը Թուրքիոյ:
Խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններու տեղերը պէտք է բաշխուէին համամասնական ձեւով, համաձայն տուեալ համայնքի ցուցակին վրայ գրանցուած առաջին կարգի ընտրողներու թուաքանակին:
Թուրքեր կաշառքի, սպառնալիքի եւ ճնշումի տարբեր ձեւերով, կ՛աշխատէին ստիպել ոչ թուրքերուն` գրանցուելու իբրեւ թուրք:
Նշենք, որ կային թուրք ազդեցիկ եւ հակաքեմալական քանի մը ընտանիքներ եւ թուրքմէն ցեղախումբեր, որոնք դէմ էին Սանճագի Թուրքիոյ կցումին:

Առաջին կարգի ընտրողներու ցուցակագրումը սկսաւ մայիս 3-ին, Ալեքսանտրէթի գաւառին մէջ, յաջորդ օր` Քրըք Խան գաւառին մէջ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ մայիս 22: Հակառակ ոչ տեղացի 25 հազար թուրքերու ապօրինի մասնակցութեան, քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն աւելի քան 60 տոկոսը գրանցուեցաւ ոչ թուրք համայնքներու ցուցակին վրայ:
Հանրաքուէն, հակառակ կատարուած բացայայտ զեղծումներուն, ցոյց տուաւ, որ 133.805 ոչ թուրքերուն դիմաց, թրքախօսները 84.274 հոգի կը հաշուեն:
Ընտրութիւններու ընթացքին եւ յաջորդող օրերուն թուրքեր Ալեքսանտրէթի, Անտիոքի եւ այլ բնակավայրերու մէջ հրապարակային հաւաքներ կը կազմակերպէին, խառնակութիւններ կը ստեղծէին եւ կը սպառնային ի հարկին արիւն թափել Սանճագի թրքական պատկանելիութեան համար:
***
Սանճագի փոխ պատուիրակ Ռոժէ Կառոյին Փարիզէն հրահանգուեցաւ, որ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները գործադրէ եւ ամէն գնով ապահովէ թուրքերուն մեծամասնութիւնը:
Ռոժէ Կառօ մերժեց ենթարկուիլ հրահանգին: Ան ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներու նուիրեալ աւանդապահն էր եւ չէր կրնար իր իշխանաւորներուն հլու կամակատարը դառնալ ու նուաստացուցիչ դեր ստանձնել պետական գաղտնի գործարքի մը մէջ:
***
Թուրքեր օրինական ընտրութիւններով եւ նոյնիսկ իրենց պարտադրած ընտրական կանոնագրութեամբ չէին յաջողած մեծամասնութիւն ձեռք ձգել: Հետեւաբար անոնք որոշեցին ճնշումի եւ սպառնալիքի աւելի վճռական քայլերու դիմել:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը յուշագիր մը յղեց Փարիզ, պահանջելով որ մինչեւ 1938 մայիսի վերջը Սանճագի հարցով վերջնական կարգաւորում մը ձեռք բերուի, միաժամանակ շեշտելով, որ Թուրքիա թոյլ չի տար որ թուրքերու ազգային սրբազան իրաւունքը ընտրական գործողութիւններով ոտնակոխ ըլլայ:
Թրքական զօրքեր կեդրոնացուեցան Սուրիոյ սահմանի ամբողջ երկայնքին: Միաժամանակ Սանճագ ներթափանցած թուրք զինեալ տարրեր արիւնալի ընդհարումներ հրահրեցին արաբներու հետ: Ընդհարումները, զինեալ միջադէպերը կրկնուեցան եւ տարածուեցան, եւ Թուրքիա սպառնաց ռազմական միջամտութեան դիմել եւ Ամանոսի լեռները մաքրել:
Թրքական մամուլը յիշեցուց, որ Թուրքիա ի հարկին կրնայ «Հիթլէրի ոճով» գործողութիւն կատարել (Գերմանիա նոյն տարուան մարտին իրեն կցած էր Աւստրիան):
***
Ֆրանսայի վարչապետ Լէոն Պլիւմ 10 ապրիլ 1938-ին հրաժարած եւ զայն փոխարինած էր Էտուար Տալատիէ:
Տալատիէ աւելի պարտուողական ընթացք բռնած էր Թուրքիոյ նկատմամբ, այն հիմնաւորումով որ Եւրոպայի մէջ աճող լարուածութեան պայմաններուն տակ Ֆրանսայի համար ձեռնտու չէ հարցեր ունենալ Արեւելքի մէջ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Պոննէ հրաման տուաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Բարձր կոմիսար Տամիէն տը Մարթէլի, որպէսզի ան հարկ եղած միջոցները ձեռք առնէ, ամէն գնով թրքական մեծամասնութիւն ապահովելու Ալեքսանտրէթի Սանճագի ընտրական գրանցումներու ընթացքին:
Նոյն օրն իսկ ընտրութիւններու գրանցումները կասեցուեցան Սանճագի ամբողջ տարածքին:
***
Անտիոքի մէջ թուրք զինեալ տարրեր մայիս 30-ին յարձակում գործեցին արաբ եւ հայ անցորդներու վրայ եւ անոնցմէ քանի մը հոգին սպաննեցին ու վիրաւորեցին:
Նոյն օրը լուրեր տարածուեցան, որ թուրքեր յարձակում պիտի գործեն արաբական եւ հայկական գիւղերուն վրայ:
Յաջորդ օր մեծաթիւ հայեր եւ արաբներ հաւաքուեցան Անտիոք եւ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին: Ցոյցը բանակին կողմէ ցրուեցաւ եւ Անտիոքի մէջ կրակմարի դրութիւն յայտարարուեցաւ:
***

Ալեքսանտրէթի Սանճագի ամբողջ տարածքին 3 յունիս 1938-ին արտակարգ ռազմական դրութիւն յայտարարուեցաւ:
Նոյն օրը Սանճագի փոխ պատուիրակ Ռոժէ Կառօ իր պաշտօնէն հեռացուեցաւ: Ըսուեցաւ, որ Կառօ ինք հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, իբրեւ բողոք եղած ապօրինութիւններուն դէմ:
Նոր փոխ պատուիրակ նշանակուեցաւ հարիւրապետ Ֆիլիպէր Քոլլէ, որուն հազարապետի եւ գումարտակի հրամանատարի ժամանակաւոր կոչում տրուեցաւ: Ան ծնած էր Ալճերիա, 1915-ին կամաւոր միացած էր ֆրանսական բանակին, 1919-ին Սուրիա ուղարկուած էր եւ կռուած ապստամբ պետեւի ցեղերուն ու տիւրզիներուն դէմ եւ 1926-ին հարիւրապետի աստիճան ստացած էր:
Բարձր կոմիսարութիւնը Պէյրութէն հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ուր կ՛ըսուէր.
«Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ ընտրութիւններու գրանցումներու ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերու հետեւանքով ստեղծուած դրութեան կապակցութեամբ կարգ ու կանոնը եւ բոլոր համայնքներու անդորրութիւնը ապահովելու նպատակով Բարձր կոմիսարը որոշեց 1938 յունիս 3-ի կէսօրէն սկսեալ զինուորական իշխանութիւն հաստատել Սանճագի մէջ: Պարոն Ռոժէ Կառոյի իշխանութիւնը փոխանցուեցաւ հազարապետ Քոլլէի, որ այսուհետեւ պիտի վարէ քաղաքացիական եւ զինուորական գործերը»:
Հազարապետ Քոլլէ անմիջապէս մեծ թիւով արաբ պաշտօնատարներ հեռացուց իրենց պաշտօնէն, որոնք թուրքերով փոխարինուեցան: Պետական եւ վարչական բոլոր կառոյցները, ոստիկանութիւնը եւ ոստիկան զօրքը (ժանտարմըրի) անցան թուրքերուն ձեռքը: Թուրք բոլոր բանտարկեալները, որոնց շարքին` քրէական յանցագործները, բանտերէն արձակուեցան:


